Показаны сообщения с ярлыком Հրայր Տաղլեան. Показать все сообщения
Показаны сообщения с ярлыком Հրայր Տաղլեան. Показать все сообщения

07.09.2019

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ / Մտքի ազատութեան մունետիկները

Համացանցը այնպիսի բեմահարթակ մըն է, որ մարդ ծածկելով իր իսկութիւնն ու ճշմարիտ էութիւնը, կրնայ վերածուիլ այնպիսի իրականութեան՝ որուն ամբողջութեամբ հակառակ ճշմարտութիւնը կը պարզէ: Ու գիտութեան զարգացումը, դժբախտաբար մեր մէջ յառաջացուց «մտքի ազատութիւն» անունով կատակերգութիւն մը, որովհետեւ այդ մէկը դուրս գալով իր ճշմարիտ նպատակէն վերածուեցաւ անզսպութեան ու սանձարձակութեան: 
Արշակ Ալպօյաճեանի եւ Ղ. Սալըրեանի խմբագրութեամբ Գահիրէի մէջ 1936-ին ծնունդ կ'առներ «Ազատ Միտք» անունով քաղաքական, գրական եւ տնտեսական շաբաթաթերթ մը, որուն Ա. թիւի խմբագրականին մէջ կ'ըսուէր հետեւեալը. «Ազատ մտքի շուրջ բոլորուող մտաւորականները եւ անոնց բարեկամներն ու քաջալերողները, համոզուած ըլլալով հանդերձ թէ դիւրին չէ քանդել նախապաշարումները եւ վերականգնել ազատ մտածութեան ու անկախ դատողութեան խորանը, պիտի նուիրեն իրենց ջանքերը այն սուրբ գաղափարին համար, վասնզի խորապէս համոզուած են թէ ազատ միտքով հայը շատ աւելի լաւ գիտէ ծառայել իր ազգին եւ իր հայրենիքին, քան այն մտքի ստրուկը որ ուրիշին մտածութեան մէջ կը կաղապարէ իրը՝ իր ինքնութիւնը եւ գործելու ազատութիւնը կորսնցնելու աստիճան...» («Ազատ Միտք», Ա. Տարի թիւ 1, Շաբաթ, 15 Օգոստոս 1936): Սքանչելի արտայայտութիւն, որ կ'ուզէ փշրել շղթաներն ու կաղապարուած մտածողութիւնները եւ ստեղծել խօսքի եւ մտքի ազատութեան ատեան: Սակայն տարբերութիւնը մեծ է այն ժամանակաշրջանի երազային մտքի ազատութեան, ու ներկայի ստեղծուած «ազատ մտքի» քաոսային վիճակին:

23.01.2016

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ / Սերունդներուն միջեւ խարխաբելով

Չեմ կարծեր որ երբեք պատմութեան ընթացքին եղած է նման դար մը, ուր միատեղ գոյութիւն ունեցած են չորս տարբեր սերունդներու մտածողութիւն, որոնք տակաւին չեն կրցած իրար միջեւ հասարակաց գիծ մը գտնել ու համակերպիլ միմեանց, մինչ անդին ժամանակը կը շարունակէ իր վազքը, առանց կարեւորութիւն տալու այդ տարբերութիւններուն:
Անոնցմէ առաջին այն սերունդն է, որ երթալով կը նուազի երկրի երեսեն: Անոնք այն անձերն են՝ որոնք ծնած են ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր ոչ հեռատեսիլը կար, ոչ համակարգիչը եւ ոչ ալ արդիական միջոցներ եւ այդպիսիներուն համար տակաւին անյստակ կը մնայ թէ ինչպէ՞ս պարզ թելի մը մէջէն գրութիւններ, նկարներ ու ձայներ կրնան երկրէ երկիր ղրկուիլ եւ փոխադարձաբար խօսիլ այդ սարքին միջոցաւ: 
Երկրորդ սերունդը անոնք են, որոնք իրենց 40-60 տարեկաններուն մէջ սկսան սորվիլ ու իւրացնել կամաց-կամաց արդիական սարքերը, ինչպէս համակարգիչ, հեռատեսիլ եւ այլն: Այդպիսիները առաջիններուն աւելի արդիականացած մէկ տարբերակն են, այն իմաստով որ հակառակ իրենք եւս անտեղեակ ըլլալնուն թէ թելի մէջէն այնքան բան ինչպէ՞ս կրնար փոխանցուիլ, սակայն կը փորձեն համոզուած ձեւացնել եւ կամ առանց իսկ միջոցները մտածելու օգտուիլ անոր բարիքներէն, հարց չէ թէ թելի կամ այլ բանի մը միջոցաւ կատարուած է փոխանցումը: 

01.10.2015

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ / Հայրենասիրութիւնը բռնատիրութեան տակ

Աշխարհի վրայ փաստուած իրողութիւն մըն է, որ առածները, որ անցեալէն հասած են մեզի, միշտ ալ իրենց մէջ կը կրեն իրականութիւն մը: Այլ խօսքով անոնք գրուելու եւ կամ ըսելու սիրոյն գրուած խօսքեր չեն, այլ անյայտներու կողմէ մեզի փոխանցուած փիլիսոփայութիւններ են: Այդ հրաշալի փիլիսոփայական ճշմարտութիւն ընդգրկող ճշմարտութիւններէն մէկն է այն առածը որ կ'ըսէ. «Մարդ միայն կորսնցնելէ ետք կրնայ իր կորսնցուցածին արժէքը գիտնալ»: 
Հաւանաբար այդ է պատճառը, որ սովետական ժամանակաշրջանին, երբ կորսնցուցած էինք մեր հայրենիքը ունեցանք այնպիսի հրաշալի բանաստեղծներ, որոնք կրցան ժողովուրդին մէջ ներշնչել հայրենասիրութիւնն ու ազգային հայ ոգին, որոնց փաստը մինչեւ օրս որպէս մեծ բանաստեղծներ յիշուելնին է, ինչ որ է պարագան Պ.Սեւակի, Չարենցի, Շիրազի եւ ուրիշներու: 
Մարդկային կեանքի մէջ ամէն պարագայի համար եղած է այդպէս. մարդիկ գրած են սիրոյ մասին՝ երբ կորսնցուցած են իրենց սէրը, գրած են հարազատներու մասին՝ անոնց կորուստէն ետք միայն: Պ. Սեւակ եւս իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կը յիշէ նման գաղափար մը, ըսելով. «Մթութեան երանգներն առատ են աւելի»:
Նոյն այդ կորսնցնելու եւ զօրաւոր կարօտի զգացումն է, որ մղած է մեր գրողները գովերգելու եւ տարածելու հայրենիքի ու հայութեան հանդէպ սէրն ու նուիրումը: Անոնք գրած են այն ատեն, երբ արգիլուած էր հայրենասիրութիւն եւ ազգայնութիւն քարոզել, ու այսպիսով շատ անգամ իրենց կեանքը վտանգելով հրաբուխի պէս ժայթքած են միմիայն հայութեան եւ հայրենիքի հանդէպ սէր քարոզելով:

11.08.2015

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ / Ձեռքերուդ Դալար Կայէն

Հաւանաբար այս յօդուածս կրօնական դիտանկիւնէ հակասական ու ժխտական տպաւորութիւն ձգէ` մանաւանդ հոգեւորական ընթերցողներու մօտ, սակայն վստահ եմ թէ մարդկային դիտանկիւնէ նայուած այդ մէկը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ:
Աստուածաշնչական ընթերցումներու լոյսին տակ վստահաբար կարդացողները Աստուածաշունչի առաջին գլուխներէն կարդացած են Աստուծոյ այն խօսքը որ կ'ըսէ. <<Զի հող էիր եւ ի հող դարձցիս>>(որովհետեւ հող էիր եւ հող պիտի դառնաս): Երբ Կայէնի ձեռքով Աբէլ սպաննուեցաւ, Աստուած տուաւ այդ պատիժը: Այլ խօսքով այդ դրուագով, ուր Աստուած մարդուն համար սահմանեց մահը եւ յաւիտենական ապրելու շնորհը փոխարինւեցաւ դարձեալ հող դառնալու դառն, սակայն իսկութեան մէջ քաղցր իրողութեան հետ:
Աստուածաշունչին կողմէ մարդուն որպէս պատիժ տրուած <<հող էիր հող դառնաս>> մահանալու <<դառնաճաշակ>> կարծուած պարագան, իրականութեան մէջ մարդկութեան տրուած մեծագոյն նուէրներէն մէկն է: Նուէր, որ համազօր է մարդուն տրուած ապրելու շնորհքին:

31.07.2015

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ / Ա՜խ, Ֆրանգլին

Օրերս էլեկտրոնային փոստով հաղորդագրություն ստացանք Լիբանանից՝ գրող, հրապարակագիր, էսսեիստ, <<Զարթոնք>> օրաթերթի աշխատակից Հրայր Տաղլյանից, ինչը գեղեցիկ ու բարեշահ ազդակ եղավ <<Միրհավ>>-ի կայքէջին թղթակցելու պատրաստակամության, լիբանանահայ գրական շունչը մեր ընթերցողներին փոխանցելու և հետայսու գրական տարբեր ձեռնարկներ միասին իրագործելու համար: 
Ստորև ներկայացնում ենք Հ.Տաղլյանի հաղորդագրությունը, նաև հրապարակում մեզ ուղարկած գրություններից մեկը՝ ֆելիետոն դրամի մասին՝ <<Ա՜խ, Ֆրանգլին>>: 


<<Բարեւ ձեզ, սիրելիներ: 
Յուսամ լաւ ու հանգիստ էք: Առաջին անգամն է այսօր որ մուտք գործեցի ձեր կայքէջը եւ զայն կը գտնեմ շատ լաւ աշխատանք: Ձեր բոլորին վարձքը կատար: 
Եթէ կարելիութիւնը ունիք (օրէնքները եւ կամ կայքի մասին մանրամասնութիւններու տեղեակ չեմ), կ'ուզեմ յօդուածներով, բանաստեղծութիւններով ու հրապարակագրութիւններով մասնակցութիւն բերել ձեր կայքին: 
Կը սպասեմ ձեր պատասխանին:
Շնորհակալութիւն>>:

Հրայր Տաղլեան
(Պէյրութ-Լիբանան)
27 հուլիսի, 2015թ.