Օրերս էլեկտրոնային փոստով հաղորդագրություն ստացանք Լիբանանից՝ գրող, հրապարակագիր, էսսեիստ, <<Զարթոնք>> օրաթերթի աշխատակից Հրայր Տաղլյանից, ինչը գեղեցիկ ու բարեշահ ազդակ եղավ <<Միրհավ>>-ի կայքէջին թղթակցելու պատրաստակամության, լիբանանահայ գրական շունչը մեր ընթերցողներին փոխանցելու և հետայսու գրական տարբեր ձեռնարկներ միասին իրագործելու համար:
Ստորև ներկայացնում ենք Հ.Տաղլյանի հաղորդագրությունը, նաև հրապարակում մեզ ուղարկած գրություններից մեկը՝ ֆելիետոն դրամի մասին՝ <<Ա՜խ, Ֆրանգլին>>:
<<Բարեւ ձեզ, սիրելիներ:
Յուսամ լաւ ու հանգիստ էք: Առաջին անգամն է այսօր որ մուտք գործեցի ձեր կայքէջը եւ զայն կը գտնեմ շատ լաւ աշխատանք: Ձեր բոլորին վարձքը կատար:
Եթէ կարելիութիւնը ունիք (օրէնքները եւ կամ կայքի մասին մանրամասնութիւններու տեղեակ չեմ), կ'ուզեմ յօդուածներով, բանաստեղծութիւններով ու հրապարակագրութիւններով մասնակցութիւն բերել ձեր կայքին:
Կը սպասեմ ձեր պատասխանին:
Շնորհակալութիւն>>:
Հրայր Տաղլեան
(Պէյրութ-Լիբանան)
27 հուլիսի, 2015թ.
Ա՜Խ ՖՐԱՆԳԼԻՆ
Կասկածէ վեր իրողութիւն մըն է, որ աշխահի ամէնէն շատ սիրուած անձերէն մէկն է Ֆրանգլինը, որուն մասին հաւանաբար շատե՜ր գաղափար անգամ չունին` իր անձնաւորութեան եւ կամ իր կենցաղին մասին. անունը լսելով ալ շատեր կրնան չգիտնալ զինք, սակայն ո՛չ դէմքով...: Անոր դէմքը ծանօթ է ամէնուն եւ բոլորն ալ զինք այնքան շատ կը սիրեն, որուն համար իրար նոյնիսկ կրնան մահուան դատապարտել, անձ մը եւ կամ սիրելի մը ուրանալ ու դաւաճանել՝ տիրանալու համար իրենց «ֆրանգլին»ին...: Անոր դէմքն ու աչքերը դիւթած ու պարուրած են բոլոր զինք դիտողները եւ հաւանաբար այդ է պատճառը, որ մարդիկ կ'ուզեն անոր տիրանալ:
Եթէ տակաւին չի գիտցաք ով է այս սիրելի Ֆրանգլինը... ձեր ձեռքը առէք հարիւր ամերիկեան տոլար մը ու անպայման զինք պիտի ճանչնաք...:
Մարդը չէ որ դրամը սիրցնել կու տայ, այլ դրամն է, որ մարդը սիրելի կը դարձնէ մեր ներկայ իրողութենէն ներս... պահ մը երեւակայեցէք լիբանանեան հարիւր հազարնոց դրամներուն վրայ դրուէր այսինչ կամ այնինչ նախագահին եւ կամ վարչապետին նկարը...: Հարց չէ, թէ ով կը սիրէ եւ կամ չի սիրեր զինք. բոլորը անխտիր սիրելու կը սկսին ու կը ձգտին տիրանալ անոր ո՛չ թէ որովհետեւ մարդը կը սիրեն, այլ դրամը, որով դժբախտաբար ներկայիս մարդը չէ որ արժէք կը ներկայացնէ այլ դրամը: Կ'ուզե՞ս սիրուիլ... բաւարար է, որ նկարդ տպուի դրամի մը երեսին ու այդ ժամանակ պաշտելի կը դառնաս մեծամասնութեան կողմէ, ինչ որ է պարագան «մեծն» «չաստուած» Ֆրանգլինին, որուն «խորանին» առջեւ շա՜տ շատեր ծունկի գալով երկրպագութիւն կ'ընեն:
Լիբանանեան դրամին կեղծ ըլլալը ստուգելու համար, ընդհանրապէս մարդիկ լոյսին կը բռնեն զայն, անոր մէջ լոյսին ցոլացումով պատկերուող Մայրիի (Արզ) ծառը տեսնելու համար, սակայն Ֆրանգլինին պարագային ամբողջութեամբ տարբեր է. շատեր իրենց եղունգներով կը սկսին քերել անոր բաճկոնն ու վերարկուն, հաւանաբար անոր կտորին տեսակը ստուգելու համար...: Այդ թուղթէ չաստուածը ձեռք ձգողը առաջին անգամ կ'ուղղուի անոր պատկերին կողմը, անոր աչքերուն խորքէն կայծկլտացող փառամոլութեան կարօտն ու պապակը աւելցնելու համար:
Դժբախտաբար հասած ենք այնտեղ, որ մարդկային ամէնէն քաղցր զգացումները, շնորհքներն ու տաղանդները անգամ դրամով կը գնուին...: Մէկը իր ստեղծագործութիւններուն աներեւակայելի գլուխ գործոցը անգամ եթէ ընէ, անդին ուրիշ անձ դրամի մը զօրութեամբ առանց մէկ վայրկեան իսկ յոգնելու այդ մէկը կրնայ ձեռք ձգել...: Համացանցի եւ հեռատեսիլի վրայ մարդիկ իրենց կուսութիւնն ու պատիւը փոխան դրամի կը ծախեն, մարդիկ կը յօժարին մարդասպան դառնալ, սպաննել մէկը փոխան դրամի, կը յոգնին, անքուն կը մնան, կը տառապին ու կը հիւծին դրամին համար, կը յօժարին անարգուիլ, աղտոտիլ, անպատուուիլ դրամի համար, իրենց զաւակներն ու որդիները ձգել երեսի վրայ, իրենց հարազատներն ու մինչեւ իսկ նոյն ընտանիքի արիւնակիցը մէջտեղ ձգել եւ դաւաճանել՝ դարձեալ դրամի համար...:
Այսքան մե՞ծ է ուժդ դրամ...:
Շատ անգամ մտածած եմ, որ մարդիկ կը մեռնին իրենց ետին ձգելով հսկայական Ֆրանգլիններու պահարաններ... որո՞ւ համար... ինչո՞ւ համար...: Վերջաւորութեան ատոնցմէ ոչ մէկը երբ իր հետ Ֆրանգլինը պիտի չկարենայ ոչ մէկ տեղ տանիլ՝ ինչո՞ւ համար պահել ու այդքան շա՜տ կուտակել անկէ, երբ անդին ուրիշ մը կարիքը ունի անոր մէկ նկարին անգամ, մինչ ինքը Ֆրանգլինին ամբողջ «ալպիւմ»ը ունի՝ բոլորն ալ նոյն նկարներով...: Շա՜տ շատեր իրենց զաւակներուն նկարները իրենց դրամապանակներուն մէջ չունին ու երբեք ալ ատոր կարիքը չեն զգար, սակայն կը մտահոգուին ու կը տառապին, որպէսզի կարենան ֆրանգլինին 8 նկարներուն քով 9-րդ մը աւելցնել, ու պիտի չբաւարարուին անով, այլ 9-ը պիտի ըլլայ 10... 11... 12... ու անվերջ պիտի բարձրանայ դէպի վեր ու վեր...:
Հաւանաբար եթէ ճիշդ նոյն թղթատեսակը ըլլայ՝ սակայն վրան առանց Ֆրանգլինին նկարին, այդ մէկը ոչ մէկ արժէք ունի եւ մարդիկ անոր կարիքը անգամ չունին: Իրենց փնտռածը սիրելի ֆրանգլինն է, որ քանի՜ տասնեակ տարիներ առաջ մահացած ու գացած է այս աշխարհէն, սակայն տակաւին կը յարգուի եւ ամէնէն տարօրինակը... կը պաշտուի:
Եթէ մէկ երկրի մէջ կայ մօտաւորապէս 300 կամ 400 եկեղեցի, վստահ եղէք ատկէ աւելի Ֆրանգլինին համար տուներ կան... բոլորն ալ արդիականացած ու ամենայն փառաւոր կերպով պատրաստուած, իր միշտ արթուն եւ զգաստ պահակներով, որ չըլլայ թէ բան մը պատահի Ֆրանգլինին ու անոր տան միւս անդամներուն...: Եւ այդ տուները իրենց առջեւ դրած են նաեւ գործիքներ, որ նոյնիսկ գիշերուայ ժամերուն Ֆրանգլինին սիրելիները երբ զինք կարօտնան՝ կարենան տիրանալ անոր:
Ֆրանգլինը միշտ խաղի մէջ է: Գրեթէ բոլոր թերթերը, լուրերը, ձայնասփիւռները, հեռատեսիլները եւ համացանցը անոր խաղին մասին է որ կը խօսին. Ֆրանգլինը իջաւ... ֆրանգլինը ելաւ... ու մարդիկ իրենց սիրտերը բռնած կը սպասեն հաղորդավարին եւ կամ մամուլին փոխանձելիք լուրին, որպէսզի չըլլայ որ ֆրանգլին մը անգամ կորսուի եւ կամ պակսի. միայն թէ թող բարձրանա՜յ ու բարձրանայ անվերջ, անվախճան ու անսահման խաբուսիկ երջանկութեան մատնելով ֆրանգլինին սիրելիները...:
Եթէ անգամ մը եւս աշխարհ գաս կ'ուզե՞ս սիրուիլ... Ֆրանգլին ծնիր...:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Комментариев нет:
Отправить комментарий