Показаны сообщения с ярлыком Հակոբ Օշական. Показать все сообщения
Показаны сообщения с ярлыком Հակոբ Օշական. Показать все сообщения

11.12.2017

ՀԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ / Հայաստանեայց գրականութիւն

Ատենը եկած է, մենք կը կարծենք, մէկդի նետելու մեր գրականութեան մէջ մուտք ունեցող այն տժգոյն, անիմաստ ու պապուկ բացատրութիւնները, որոնք պահ մը յոխորտօրէն պտտեցան հրապարակին վրայ: 
Մեր գրականութիւնը մէկ է: Ան կու գայ վարէն, հեռաւոր շրջաններէն: Բարբառներու այլազանութեանը տակ նոյն արիւնն է, որ կը քալէ, ապրեցնելով ցեղին մէջ, դարեր ու բացուածքներուն վրայ ցոլացիկ մեծութիւններ: 
Ան կ՚ելնէ ամբոխին մէջէն երգի, արձանի, գմբէթի ձեւերուն տակ, կը կերպարանաւորէ ցեղին մտքի կեանքը (vie d’esprit), կը բաղադրէ անոր հոգին: Բոլոր հայերուն ժառանգութիւնն է ան: Ու ան ունի կեդրոնական նկարագիր: 
Մենք կը մերժենք պոլսահայերուն արհամարհոտ ասութիւնները, որոնք մեր գրականութեան միութիւնը կը վտանգեն:

* * * 
Հայաստանեայց գրականութիւն յղացումը (concept) կը տարածուի հաւասարապէս հայ ցեղին ամէն մասնիկներուն վրայ: Ան կը մերժէ լեզուի անհրաժեշտ կապանքները, բարբառները յոխորտացնող յատկանիշները, վեր է լեզուի գեղագիտական ըսուած երեւոյթներուն որոշադրութենէն: