21.03.2022

ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆՅԱՆ / Դեղը

Հայոց Աշխարհի մեծ ու հայրենասէր քնարերգուն՝ Յովհաննէս Շիրազ եւ խոնարհ ու բազմատաղանդ արձակագիրը՝ Խաչիկ Դաշտենց — երկուքն ալ Խաչատուր Աբովեանի պէս Հայոց նո՛ր «Վէրք»ով կոտտացող բիւրեղ հոգիներ, զարմանալի զուգադիպութեամբ մը արտասահմանցի հայ փոքրիկ օրիորդի մը՝ Սեդա Ռշտունիի ալպոմին մէջ պահանջած են միեւնոյն «ԴԵՂԸ» վասն փրկութեան ու բժշկութեան Հայոց Վէրքին, Հայոց Հիւանդութեան, իմանալէ ետք թէ փոքրիկ օրիորդը ապագային դեղագործ պիտի դառնայ: Կը հարցնէ Շիրազ — պահանջելու համար. — «Այնպիսի մի ԴԵՂ կարո՞ղ ես գտնել, որով կարենամ գտնել դուռը մեծ Արարատի»: «Դե՛ղ» գտնելու համար դուռը մեծ Արարատի: Իսկ բարի ու մանիշակի պէս խոնարհ Դաշտենց կարծէք կը հեւայ. «Մինչեւ Սասունը եւ Մուշը չլինեն ներկայ Հայաստանի սահմանների մէջ՝ մենք ՀԻՒԱՆԴ ենք եւ դեղագործների կարօտ»: «ՀԻՒԱ՛ՆԴ ենք մենք», ըստ Դաշտենցի, եւ «կարօտ՝ ԴԵՂԱԳՈՐԾՆԵՐԻ»... 
«Հիւանդ» ենք ազգովին եւ պէտք ունինք «դեղի»: 
Հայրենական երկու գրողներէն մէկը դեղ կ'ուզէ «Արարատի դուռը գտնելու», միւսը՝ «Սասունը եւ Մուշը բերելու ներկայ Հայաստանի սահմաններուն մէջ»: 
Թող ներէն մեզի մեր հայրենական համբուրելի երկու գրողները, մենք ԴԵՂ կ'ուզենք նախ ՈՒՐԻՇ բաներու համար, մեծ Արարատի դուռը գտնելէ առաջ, Սասունը եւ Մուշը եւ ուրիշ շատ սիրելի բնագաւառներ շալկելով բերելէ առաջ, վասն բժշկութեան Հայոց «Վէրք»ին… 
«Դե՛ղ» կ'ուզենք, ամենէն առաջ, բուժելու համար մեր ժողովուրդին շարք մը «հիւանդութիւնները», որոնց վարակիչ ու հիւծող մանրէները տարածուած են եւ կը սպառնան մեր ազգային ու հաւաքական գոյութեան, կենսունակութեան ու կամքին: Չէ՞ որ առողջ մարմիններու մէջ կրնան կենսագործել առողջ միտքերը. մեր ազգային առողջութեամբ միայն կրնանք հասնիլ մեր ազգային իտէալներուն եւ նուաճել զանոնք. hամազգային առողջութեամբ միայն կրնանք «գտնել դուռը մեծ Արարատին» եւ «Սասուն, Մուշ» եւ այլ սրտահատոր գաւառներ բերել ոչ միայն ներկայ, այլեւ պատմական Հայաստաններու սահմաններուն մէջ: 
Այո՛, «դե՛ղ» կ'ուզենք ամենէն առաջ բուժելու մեր անկեղծութիւնը, ազատասիրութիւնն ու ազատախոհութիւնը, մե՛ր վարչագիտութիւնը, մե՛ր քաջութիւնը, ճշմարտասիրութիւնը, մա՛նաւանդ մեր համբաւաւոր խելքը… 
Ասո՛նք, մեր ժողովուրդին այս սքանչելի առաքինութիւնները եւ յատկութիւնները «հիւանդ» են եւ ժահրոտ վարակում ստացած են, սիրելի՛ Շիրազ եւ սիրելի՛ Դաշտենց… Միթէ՞ ազգային ու համազգային կեղծիքով, ստրկամտութեամբ, միջակութեամբ, վախկոտութեամբ, վատութեամբ, ստախօսութեամբ եւ անմտութեամբ կարելի է «գտնել դուռը մեծ կամ փոքր Արարատի» եւ «Սասուն, Մուշ» եւ այլ գաւառներ շալկելով բերել ներկայ կամ պատմական Հայաստաններու սահմաններուն մէջ: 
Ո՛չ, աւա՜ղ, ո՛չ, կարելի չէ գնդիկ մը քար կամ մատնոց մը հող բերել Արարատի կողէն կամ Արաքսի միւս ափէն… Այո՛, «հիւանդ» ենք, «հիւանդ» ենք ա՛զգովին, համազգայի՛ն համաճարակներով եւ ոչ թէ մէկ դեղի, այլ բազմապիսի դեղերու պէտք ունինք… բայց մեր «Վէրք»ին ու վէրքերուն բալասան դեղերը չեն գտնուիր ուրիշներու, օտարներո՛ւ դեղարաններուն մէջ, այլ՝ մեր դեղարաններուն մէջ, եւ մեր դեղագործները ՄԵ՛ՆՔ պիտի ըլլանք եւ ո՛չ թէ ուրիշները, օտարները: 
«Դեղ» կ'ուզենք դարմանելու համաճարակի պէս մեր վրայ համատարածուած ԿԵՂԾԻՔԸ: Կը կեղծենք, հո՛ս եւ հո՛ն. կը ձեւացնենք, բարեկենդանի հանդերձանք հագած են մեր հոգիները հո՛ս եւ հո՛ն: Միեւնոյն իրողութեան մասին կարելի բոլոր ձեւերով ու կերպերով կ'արտայայտուինք, բացի մէ՛կ ձեւէն, որ ճշմարտութիւնն է: 
Համազգային երանութեան ու ինքնաշողոքորթութեան կեղծիքին մէջ կը կարծենք թէ աշխարհի ամենէն երջանիկ, խելացի, տաղանդաշատ ժողովուրդն ենք, երբ մեր ամբողջական հայրենիքի տասանորդը միայն ունինք եւ Ափրիկեցիներու նախանձելու պատճառներ միայն ունենալու ենք: — Արեւմտահայաստա՛ն կորսնցուցած ենք: 
Կը կեղծենք բանիւ եւ գործով, մեղա՜յ, մեղա՜յ, ոչ միայն Արարատին, Սիփանին, Նեմրութին, Մարաթուկին ու ամբողջ Տաւրոսին, այլեւ Արագածին ու Ղարաբաղին: Արարատը կը պահանջենք, որովհետեւ առայժմ անհնար է ու հեքիաթ, եւ չենք պահանջեր Ղարաբաղ ու Նախիջեւան, որոնք հնարաւոր են (աւելի հնարաւոր էին տաս տարի առաջ), հնարաւորը մոռնալով եւ անհնարինը պահանջելով, մեղա՜յ, մեղա՜յ մեր Արարատին եւ իր «դրան», որ միշտ գոց պիտի մնայ մեր հաւկուր աչքերուն առջեւ: 
Ազատասիրութիւն եւ ազատախոհութիւն կը քարոզենք ու կը շեփորենք Հայկէն մինչեւ Դաւիթ Բէգ ու Քաջ Անդրանիկ, բայց համազգային բերանակապ կը դնենք մեր երիտասարդներուն ու ծերերուն ուղեղներուն, չքնա՜ղ կարգախօսներով — «ժամանակը չէ» (փոխանակ երգելու խնջոյքներու վերջաբանը՝ «Ելէք երթանք ժամանակը անցաւ»…), «ազգը կը վտանգուի, մանաւանդ… հո՛ն», եւայլն, եւայլն: 
Դեղերո՛ւ եւ ոչ թէ դեղի պէտք ունինք դարմանելու մեր միջակութիւնը որ առաջ եկած է մեր համբաւաւոր խելաց նուազումէն ու նուազուրդէն: Ազգովին հիւանդ ենք ու կը տառապինք միջակութեամբ, միջակութեամբը մեր գրականութեան, հրապարակագրութեան, հոգեւորականութեան, ուսուցչութեան, բարեգործութեան, մանաւանդ ղեկավարութեան ու դիւանագիտութեան: Միջա՛կ են մեր գրողները — իրենց արձակով ու չափուածքով, միջա՛կ են մեր հրապարակագիրները իրենց չքնա՜ղ արտատպումներով, միջակ են մեր հոգեւորականները իրենց զոհաբերութեամբ ու հաւատքով: Ճշմարիտ գրականութեան, հրդեհող ու ազգակերտ գրականութեան իմացումը չքացած է միջակ ուղեղներէն եւ իրենց կտրուած եղունգներուն երգը կը հրամցնեն հոգի ու հայրենիք որոնող մեր ժողովուրդին: Գրականութեան սնամիտ «տեսաբանութիւնները» իբրեւ գրականութիւն նկատելէ հրաժարելու ենք, վասնզի «կեանքին մասին յայտնուած կարծիքները կեա՛նքը չեն»: Եթէ Պալզաքն ու Տոսթոյեւսքին այսօր հայաբար մուտք գործէին մեր մէջ, ցախաւելով դուրս պիտի դրուէին մեր գրականութեան արուարձաններէն, լսելէ ետք ազդու խրատներ գեղագիտական ու նորարական: 
Ո՞վ պիտի արգիլէ գրական երազախաբութիւնը, լսելով Պարոյր Սեւակը՝ «երազախաբութիւնից երեխայ չի ծնւում»… 
Ո՞վ պիտի յիշեցնէ մեր մամուլի այլապէս յարգելի գործիչներուն որ վատութիւն է եւ դաւաճանութիւն հայ մտքի, յատկապէս սփիւռքի արեւմտահայ մտքի նուազած դրամագլուխին դէմ իւրաքանչիւր արտատպում, իւրաքանչիւր «միջազգային գրականութեան» ներկայացում (երբ մեր ուսեալ ու ընթերցող երիտասարդները, որոնք մեծ թիւ մը կը կազմեն, մեզմէ, նոյնիսկ մեր խմբագիրներէն աւելի լաւ գիտեն օտար գրականութիւնները իրենց… դասագիրքերէն), իւրաքանչիւր արտատպում յուշագրութեան եւ «հին էջերու», նո՛յնիսկ չափազանցեալ արտատպում Հայաստանի մամուլէն ու գրականութենէն՝ յաղագս երիցս եպերելի ծուլութեան եւ հաճոյակատարութեան: Արեւմտահայ գիտակցութեամբ, մեր մտաւոր ու հոգեւոր բոլոր ոյժերը լարելու ու լծելու ենք արտասահմանի մէջ ստեղծագործ, ազգակերտ ու ճշմարիտ գրականութիւն երկնելու, երբ հին Պոլսէն ու հին Թիֆլիսէն շատ աւելի խիտ, գիտակից ու տոհմիկ Հայութիւն մը ունինք Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: 
Մեր Դպրոցները եւ մեր Ուսուցիչները, ինչ որ ալ ըլլան պայմանները արդարացում փնտռելու չեն նոր ժամանակներու եւ նոր պայմաններու մէջ, երբ Մերձաւոր Արեւելքի հարիւրաւոր հայ դպրոցներէն ու բարձրագոյն քսանէ աւելի հաստատութիւններէ հայ գրող, հայ մտաւորական ու հայ հասարակական գործիչներ չեն արտադրուած ու չեն արտադրուիր: Հայ միտքը ինչո՞ւ միջակութեան աստիճանին իջնէ ամենէն աւելի գրականութեան մարզին մէջ: Չունինք ղեկավարութիւն՝ իր մասնագէտներով, մեր համազգային հարցերը տնօրինելու եւ ամենէն առաջ, լուռ ու հետեւողական կերպով զբաղելու Հայկական Դատով: Տակաւին մեր կուսակցութիւնները չիմացան թէ իրենցմէ իւրաքանչիւրը առանձինն ի վիճակի չէ եւ իրաւունք ալ չունի առանձինն հետապնդելու Հայկական Դատ, եթէ անշուշտ առաջին եւ միակ նպատակը բան իրագործել ու նուաճել է: Ո՞ւր է իրաւասու եւ ամբողջական պատասխանատուութեամբ ծանրացած Համահայկական Գերագոյն Մարմինը, որ ստանձնէ ճակատագրական նախաձեռնութիւններ եւ տայ բախտորող որոշումներ — սերտուած ու ծրագրուած: Որոնէ՛ ոչ միայն բարեկամներ, այլեւ զինակիցներ, շահակիցներ: Զգա՛յ մեր պատմութեան թելադրանքները, մանաւանդ էակա՛նը թէ մենք մեր պատմութեան ընթացքին հարուստ եղած ենք թշնամիներով, բայց աղքատ՝ բարեկամներով: Սովետ. Միութենէն ետք մտածել մեր դրացիներուն մասին — յատկապէս Պարսիկներու, Վրացիներու, Քիւրտերու մասին: 
Մէկ «դեղը» բաւարար չէ «գտնելու դուռը մեծ Արարատի» եւ ո՛չ ալ «Սասուն ու Մուշ բերելու ներկայ Հայաստանի սահմաններուն մէջ»: 
Դեղե՛ր պէտք են մեզի, վասնզի մեր հիւանդութիւնը մէկ չէ, այլ՝ բազում: Շողշողուն զգեստներով իր առողջութիւնը չի գտներ ոեւէ հիւանդ մարմին: Մեզի պէտք է աւելի խորունկ ու ծանրաբարոյ հայրենասիրութիւն: 
Եւ ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը կը հիւսուի ճշմարիտ անկեղծութեամբ, ճշմարիտ խելքով, ճշմարիտ քաջութեամբ ու զոհաբերութեամբ, մանաւանդ երբ ի՛րապէս կարենանք մեր անձերէն, դաւանանքներէն ու կուսակցութիւններէն աւելի սիրել մեր հայրենիքն ու անոր ժողովուրդը: Կը հաւատանք որ մեր ժողովուրդը, որ միշտ աւելի մեծ ու զոհաբերող եղած է քան զինք առաջնորդողները, պիտի կարենայ իր ներքին, ուժականութեամբ գտնել իր «դեղերը», եւ ի՛նքը պիտի ըլլայ իր «յոյսին Յիսուսը», Շիրազի բառերով. «Ով բանայ գոց դուռը Մասիսի, Նա է Յիսուսը ողջ Հայոց յոյսի»: 

«Սփիւռք» շաբաթաթերթ, 31 Դեկտեմբեր 1972, էջեր 1 եւ 24: http://tert.nla.am/archive/NLA%20TERT/Spyurk/1972/1972(49-52).pdf

https://simonsimonianarchive.com/

Комментариев нет:

Отправить комментарий