12.03.2021

Ասատուր Կիւզելեան / ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՔՈ ՓՐԿՈՒԹՒՒՆԸ ՔՈ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՅԺԻ ՄԷՋ Է

Ձեզ ենք ներկայացնում սփյուռքահայ ճանաչված մտավորական, ազգային, հասարակական, գրական, մշակութային ու եկեղեցական գործիչ, գրող, հրապարակախոս, մեծահամբավ բարերար, լոնդոնաբնակ Ասատուր Կիւզելեանի  նոր, ուշագրավ հոդվածը՝ նվիրված Հայ Սփյուռքի պահպանման մշտապես արդիական խնդիրներին: 

Սփիւռքահայ գաղթօճախները հազարամեակներու պատմութիւն ունին։ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած պատմական դժբախտ իրադարձութիւններու և տնտեսական աննպաստ պայմաներու բերումով, հարիւր հազարաւոր հայեր տարբեր ժամանակաշրջաններուն արտագաղթած՝ երբեմն ալ բռնագաղթի ենթարկուելով՝ տեղափոխուած են ու բնակութիւն հաստատած՝ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ։ Այդ է պատճառը որ այսօր գաղթօճախներ ունինք աշխարհի հինգ ցամաքմասերու բազմաթիւ երկիրներուն մէջ, ուր կը գործեն կրօնական, կուսակցական, բարեսիրական, կրթական, մշակութային, մարզական, հայրենակցական միութիւններ, հաստատութիւններ և կազմակերպութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրն ունի իր առանձին ծրագիր-կանոնագիրը և կ'աշխատի անկախ միւս կազմակերպութիւններէն։ Յիշեալ կազմակերպութիւնները կը կազմեն սփիւռքահայութեան առանձին օղակները։
Այդ գաղթօճախներուն մէջ կ'ապրին նաև մեծ թիւով հայեր, որոնք՝ թէև վերոյիշեալ կազմակերպութիւններէն որևէ մէկուն չեն պատկանիր, բայց նոյնպէս կը կազմեն սփիւռքահայութեան օղակները։ Դժբախտաբար այդ օղակներէն կազմուած շղթայ մը, այսինքն՝ սփիւռքահայութեան ամբողջութիւնը ներկայացնող մարմին մը գոյութիւն չունի։
Ահա թէ ինչո՞ւ, երբ լսենք «մենք սփիւռքահայերս», «սփիւռքահայութեան ձայնը», «սփիւռքահայութեան կամքը», «սփիւռքահայութեան ոյժը» և նման արտայայտութիւններ, հարց կու տանք. Ո՞վ է սփիւռքահայը, աւելի ճիշդը՝ ո՞վ իրաւունք ունի սփիւռքահայութեան անունով խօսելու։ Մեր ազգային կուսակցութիւննե՞րը առանձին-առանձին, մեր կուսակցութիւնները հաւաքաբա՞ր, մեր կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները միասնաբա՞ր, թէ՝ միասնականութենէ այրիացած՝ Հայաստանեայց եկեղեցին ...։
ՈՉ ՈՔ։
Այնքան ատեն որ սփիւռքի բոլոր մեծ ու փոքր գաղթօճախներու ձայնով ընտրուած ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ ՄԸ գոյութիւն չունի, ՈՉ ՈՔ իրաւունք ունի սփիւռքահայութեան անունով խօսելու։
Պէ՞տք էր ստեղծուած ըլլար նման մարմին մը։
ԱՅՈ։
Հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու հետապնդման, սփիւռքահայ գաղթօճախներու բարգաւաճման ու հզօրացման որպէս գրաւական, անհրաժեշտ էր ստեղծել սփիւռքի մէջ համահայկական կեդրոնական մարմին մը Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն անմիջապէս յետոյ, միասնական, ծրագրեալ և յարատև աշխատանքով, մատնացած սփիւռքահայութիւնը անբեկանելի ԲՌՈՒՆՑՔԻ վերածելու հեռանկարով ..։
Հայ ժողովուրդին համար բախտորոշ այդ մարմինը ինչո՞ւ չստեղծուեցաւ։
Այս յօդուածով պիտի անդրադառնաք այդ հարցին և անոր ձախողութեան պատճառներուն։

***
1920թ.ին, Հայաստանի սովետականացումով, մեր հայրենիքը փրկուեցաւ աբողջական կործանումէ և ապահովեց իր հետագայ 70 տարիներու անվտանգութիւնն ու բարգաւաճումը։ Ս. Հայաստանի գոյութիւնը միաժամանակ պատճառ դարձաւ միջ-կուսակցական պայքարի, որուն հետևանքով սփիւռքահայութիւնը բաժնուեցաւ «Հայաստանեան» և «Հակահայաստանեան» հակադիր երկու ճակատներու։
Սփիւռքահայութեան մէջ առաջացած կուսակցական պայքարը աւելի ևս խորացաւ Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն ետք, յատկապէս յիսունական թուականներու երկրորդ կէսէն յետոյ, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռը, հակադրուելով Մայր Աթոռ Ս. Էջիածինին՝ սկսաւ էջմիածնական թեմեր գրաւել և զանոնք կցել Անթիլիասին։
Այս յօդուածով պիտի չանդրադառնանք ազգավնաս այդ տխուր իրադարձութիւններու մանրամասնութեան, բայց չենք կրնար ցաւով չնշել, որ անոնք, գումարուելով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող կուսակցական հակամարտութիւններուն՝ գլխաւոր պատճառը հանդիսացան 60-ական թուականներուն Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած եղբայրասպան կռիւներուն։

***
Սփիւռքահայութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը, որ միշտ ալ եղած է անկուսակցական, վաթսունական թուականներուն յոգնած էր արդէն միջ-կուսակցական հակամարտութիւններուն հետևանքով ստեղծուած ազգային վատառողջ մթնոլորտէն։ Այդ էր պատճառը, որ կարգ մը հեղինակաւոր մտաւորականներ մամուլով զգասդութեան հրաւիրեցին կուսակցութիւնները և առաջարկեցին ստեղծել սփիւռքահայ կեդրոնական մարին մը։
Բազմավաստակ ուսուցիչ, հայերէն լեզուի և հայոց պատմութեան դասագիրքերու հեղինակ, անուանի հայագէտ, պատմաբան, բանասէր, գրող, հրապարակագիր, «Սփիւռք» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Սիմոն Սիմոնեանը դարձաւ այդ գաղափարին ԱՌԱՔԵԱԼՆ ու ՔԱՐՈԶԻՉԸ։ Ան էր առաջինը, որ առաջարկեց կուսակցութիւններուն միասնաբար քննարկել սփիւռքահայութիւնը յուզող բոլոր հարցերը, զանազանել վիճելի խնդիրները անվիճելիներէն և համատեղ աշխատիլ՝ վերջիններուն վրայ։
Հետևելով սիրելի ուսուցիչիս օրինակին, ես ալ դարձայ նոյն գաղափարին մունետիկը ...։
Երբ 1964թ.ի Դեկտեմբերին Հնդկաստանէն տեղափոխուեցայ Լոնտոն և ստանձնեցի «Արեգակ» (1964-1966) ամսաթերթի խմբագրութիւնը, թերթին 1965թ. Յունուար թիւին մէջ, Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի հանրածանօթ «Եղբայր եմք մեք» բանաստեղծության խորագրով՝ հրատարակուեցաւ առաջին խմբագրականս, ուր նշուած է.
«Մեր ազգային արժանապատւութիւնը բարձր պահելու, և իրապէս ու խորապէս յարգելու համար մեր նահատակներուն խնկելի յիշատակը, պէտք է ստեղծենք ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ ՄԸ։»
1965-ը Հայոց Ցեղասպանութեան 50-ամեակն էր։ Անհրաժեշտ էր այդ բացառիկ առիթը օգտագործել համերաշխութեան և միասնականութեան համազգային մթնոլորտ ստեղծելու համար սփիւռքահայ օճախներէն ներս։ «Արեգակ»ի 1965 Փետրուար թիւին մէջ լոյս տեսաւ «Կառուցենք Հայ Ժողովուրդի Համագործակցութեան Տաճարը» խմբագրականս, ուր նշուած է.
«Ներկայիս, աւելի քան երբեք, պէտք ունինք, և այսուհետև մանաւանդ՝ պէտք պիտի ունենանք հայ ժողովուրդի գոնէ արտասահմանի հատուածին ամբողջութիւնը ներկայացնող, հետևաբար նաև մեր համազգային շահերը պաշտպանելու իրաւասութեամբ լիազօրուած՝ կշիռ ունեցող կազմակերպութեան մը։ Հայութիւնը համակեդրոնանալու բազմաթիւ պատճառներ ունի ներկայիս, իսկ ջլատուելու՝ ո'չ մէկ պատճառ, ո'չ մէկ իրաւունք»։
1965թ. Ապրիլին լոյս տեսաւ նաև Հայոց Ցեղասպանութեան 50-ամեակին նուիրուած «Արեգակ» բացառիկը, հայերէն, անգլերէն և ֆրանսերէն լեզուներով, ուր դարձեալ ընդգծուած է համազգային ջանքերով սփիւռքի մէջ համահայկական կեդրոնական մարմին մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը։

***
Այս առնչութեամբ տեղին է միջանկեալ պատմել դէպք մը, որ տեղի ունեցաւ 1968-ին Երևանի մէջ, ուր կը գտնուէի Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէին հրաւէրով, մասնակցելու Երևանի 2750-ամեակի տօնակատարութիւններուն։ Հեռուստատեսութեամբ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով սփիւռքի մէջ պատկառելի հիմնադրամով համազգային կեդրոնական մարմին մը ստեղծելու կարևորութեան՝ ըսի.
«Եթէ ամէն սփիւռքահայ միջին հաշուով տարեկան հինգ տոլար տայ հիմնադրամին, մէկ տարուան մէջ կ'ունենանք մօտ տասը միլիոն տոլար։ Եթէ հայկական բոլոր գաղթօճախներուն մէջ տարին երկու հասութաբեր ձեռնարկ ալ կազմակերպուի նոյն նպատակի համար, քսան միլիոն տոլար ևս կը գոյանայ և յառաջիկայ յիսուն տարիներու ընթացքին կ'ունենանք պատկառելի հիմնադրամ մը, որ կը հոգայ սփիւռքահայութեան բոլոր կարիքները»։
Յաջորդ առաւօտ կանուխ, ժամը 7.30-ին սենեակիս հեռախօսը հնչեց և հիւրանոցի պաշտօնեան յայտնեց որ խումբ մը երիտասարդներ զիս նախաճաշի կը հրաւիրէին։
Երբ ճաշարան մտայ, մուտքին կանդնած մատուցող երիտասարդը ցոյց տալով ուտեստեղէնով, պտուղներով և ոգելից ըմպելիներով ծանրաբեռնուած սեղանի մը շուրջ հաւաքուած խումբ մը երիտասարդներ, ըսաւ.
«Նրանք են ձեզ նախաճաշի հրաւիրել»։
Ներկաներուն մէջ ինծի ծանօթ մարդ չկար։ Խումբին խօսնակը ողջունեց զիս և ըսաւ.
«Մենք Լենինի անուան մեքենաշինական գործարանի բանւորներ ենք։ Երէկ գիշեր դիտեցինք Գևորգ Էմինի հետ հեռուստատեսութեամբ ձեր ունեցած հարցազրուցը և որոշեցինք ձեզ այսօր նախաճաշի հրաւիրել և ասել, որ մեր գործարանը պատրաստ է տարեկան մէկ միլիոն «մանեթ» (ռուբլի ) նուիրել ձեր ֆոնտին...։»
Չկրցայ խօսիլ։ Յուզումս արցունքի վերածուած՝ աչքերէս սահելով կուտակուած էր այտերուս վրայ...։
«Լենինի անուան մեքենաշինական գործարան»ի խումբ մը բանւորներուն անունով արտասանուած ողջոյնի այդ քանի մը խօսքերուն մէջ որքան յուզում, զոհողութեան ոգի, հաւատք ու հայրենասիրութիւն կար մանաւանդ...։

***
Ինչպէս ֆրանսացին պիտի ըսէր՝ «վերադառնանք մեր ոչխարին»։
Շուտով եկայ այն եզրակացութեան, որ կեդրոնական մարմին մը ստեղծելու գաղափարը մամուլով տարածելու զուգահեռ՝ անհրաժեշտ էր գործնական քայլեր ևս առնել։
Ուստի այդ նպատակով 1971-ին, քանի մը համախոհ ընկերներով, Լոնտոնի մէջ կազմեցինք յանձնախումբ մը, հետևեալ անձնակազմով.

Գրիգոր Ալթունեան
Էդուարտ Կիւլպէքեան
Ասատուր Կիւզելեան
Ստեփան Յովաննէսով

Յանձնախումբը համոզուած էր, որ մեր առաջադրած ծրագրի յաջողութեան համար, ամէն բանէ առաջ հարկաւոր էր ազգային երեք կուսակցութիւնները հաւաքել սեղանի մը շուրջ և ապահովել անոնց համաձայնութիւնն ու համագործակցութիւնը։ Այդ ընելու համար, կարևոր էր գտնել կուսակցութիւններուն յարգանքն ու վստահութիւնը վայելող անձ մը, որ յանձն առնէր իր հովանաւորութեամբ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները հրաւիրել շարք մը ժողովներու։
Այդ տարիներուն Պարսկաստանի մէջ կ'ապրէր մեծահարուստ հայ բարերար մը, Թովմաս Թովմասեանը, որ հիմնած էր Թեհրանի «Թովմաս Թովմասեան» երկսեռ վարժարանը, ուր ձրի ուսում և կէսօրուան ճաշ կը ստանային շուրջ 1600 աղքատ հայ ուսանողներ...։ Իր բազմաթիւ բարեգործութիւններուն համար, ժողովուրդը Թովմասեանին «Պապիկ» տիտղոսը տուած էր։ Հետագային, իր ազգանուէր գործունէութեան և կատարած բարերարութիւններուն առ ի գնահատանք, Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Թ. Թովմասեանը պարգևատրեց «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» Ա. Կարգի շքանշանով։
Յանձնախումբը 27 Հոկտեմբեր, 1971թուակիր նամակով իր ծրագիրը ներկայացուց Թ. Թովմասեանին, ներփակելով երեք կուսակցութիւններուն ղրկուելիք նամակին պատճենը։ Մեր Թովմասեանին յղած նամակին մէջ նշուած էր.
«Հ.Յ.Դ.ի, Ս.Դ.Հ.Կ.ի և Ռ.Ա.Կ.ի կեդրոնական վարչութեանց ղրկուելիք մեր նամակին մէջ թելադրած ենք որ ժողովներու շարք մը գումարեն համազգային յարգանք ու վստահութիւն վայելող անձնաւորութեան մը նախագահութեամբ։
Այսու կը խնդրենք ձեզմէ, որ բարի գտնուիք ձեր համաձայնութիւնը տալ, որպէսզի ձեր անունը առաջարկենք նշուած ժողովներուն իբրև նախագահ։
Թէև ձեզ անձնապէս չենք ճանչնար, սակայն տեղեակ ենք ազգանուէր այն աշխատանքին, զոր կը կատարէք, հեռու հատուածական ոգիէ, թելադրուած միայն համազգային շահերէ։»
Թ. Թովմասեան մեր նամակին պատասխանեց 25 Յունուար, 1972ին, որուն մէջ, ի միջի այլոց ըսուած է.
«Ստացել եմ ձեր 27 Հոկտեմբեր, 1971 թւակիր նամակը և ցաւում եմ որ հիւանդութեանս պատճառով չեմ կարողացել ժամանակին պատասխանել։
«Ձեր արծարծած խնդիրը մօտ է նաև իմ հոգուն ու սրտին, որը երևան կարող է բերել մի աբողջական ոյժ և վերջ տալ սփիւռքահայութեան անորոշ վիճակին։»
Իր նամակին մէջ, Թ. Թովմասեան ըրած էր նաև հետևեալ թելադրութիւնը.
«Այս խնդրի առնչութեամբ խորհուրդ կտամ գտնել մի փաստաբան, որը ծանօթ լինի համազգային օրէնքներին, հայ պատմութեան, ու նաև վայելի համազգային յարգանք ու վստահութիւն։ Ի միջի այլոց, ինքս իմ հերթին պատրաստ եմ բերելու իմ աջակցութիւնը Ձեր այս վեհ ու իմաստալից գործի առնչութեամբ։»
Նոյն տարուան Մայիսին, Թ. Թովմասեան հեռաձայնեց և ուզեց գիտնալ թէ կուսակցութիւններն ի՞նչ պատասխան տուած էին մեր նամակին։ Յայտնեցինք որ տակաւին պատասխան չէինք ստացած։ Թովմասեան խնդրեց յայտնել կուսակցութիւններուն որ ինք նպատակայարմար կը գտնէ առաջարկուած ժողովները գումարել Կասպից Ծովու իր ամառանոցին մէջ և պատրաստ է երկու շաբաթով հիւրընկալել ժողովականները, հոգալով անոնց երթևեկի և այլ ծախսերը։
Ստորև ամբողջութեամբ կու տանք 20 Փետրուար 1972-ին, Ս.Դ.Հ.Կուսակցութեան, Հ.Յ.Դաշնակցութեան և Ռ.Ա..Կուսակցութեան կենդրոնական վարչութեանց յղած մեր նամակին պատճենը։
«Ինչպէս մեր՝ վստահ ենք ձեր և ամէն հայու համոզումն է ու փափագը, որ սփիւռքահայութիւնը ինքզինք կազմակերպէ որպէս մէկ ամբողջութիւն, որպէս ամբողջական մէկ ոյժ և ծրագրեալ համազգային աշխատանքի լծուի բոլոր գաղութներու մէջ, գոնէ կրթական մշակութային գետնի վրայ։
Իրագործելու համար բոլորիս սրտին մօտ այդ առաջադրանքը, ահրաժեշտ է ստեղծել համահայկական կեդրոնական մարմին մը, որուն գոյութիւնը սփիւռքի մէջ այսօր անյետաձգելի պահանջք մը դարձած է։
Սփիւռքահայութեան պարտականութիւնն է իր սեպհական ուժերով ու պիւտճէով իրագործել այն՝ ինչ որ կ'իրագործուի այլ ժողովուրդներու պարագային պետական պիւտճէով։
Ոչ մեր կուսակցութիւններն առաձին-առանձին, ոչ հայ եկեղեցին, ոչ ալ հայ կազմակերպութիւններն անհատապէս կրնան կատարել այն՝ ինչ որ պիտի կարենայ իրագործել անոնց ուժերուն գումարէն գոյացած համահայկական կեդրոնական մարմինը։
Մեր անվերապահ համոզումն է որ համահայկական կեդրոնական մարմնի մը ստեղծումը կը դառնայ իրականութիւն, երբ մեր ազգային քաղաքական կուսակցութիւնները մէկ կողմ դնեն զիրենք իրարմէ հեռացնող աղդակնեը և համախմբուին միայն այն ազդակներու շուրջ, որոնք բաժանողական բնոյթէ զերծ են։ Վերջին հաշուով չմոռնանք որ մեր ժողովուրդի տարբեր հատուածներն իրար միացնող իտէալներն ու տուեալներն անսահմանօրէն աւելի շատ են, քան իարմէ հեռու պահող պատճառները։
Աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի ինքնուրոյն ազգային դիմագծի անաղարտ պահպանումը, մեր պապերէն մեզի աւանդ մնացած նուիրական իտէալներու իրականացումը, մեր պատմական, մշակութային, գրական ու իմացական արժէքներուն ծանօթացումը քաղաքակիրթ ժողովուրդներուն, կրթական-մշակութային օճախներու ստեղծումը բոլոր գաղութներու մէջ, ահա այս բոլորը, ուրիշ նոյնքան կարևոր աշխատանքներու կարգին՝ կրնան միայն ու միայն իրագործուիլ համազգային յարատև ճիգով ու դրամով։
Ահա թէ ինչու անհրաժեշտ է գոյութեան կոչել համահայկական կեդրոնական մարմինը։
Մեր խորունկ համոզումն է որ համահայկական կեդրոնական մարմնի ստեղծումը կը յաջողի, եթէ յիշեալ աշխատանքին նախաձեռնեն մեր ազգային քաղաքական երեք կուսակցութիւնները միասին։
Մերը հայ ազգային քաղաքական կուսակցութիւննրը համաձուլելու առաջարկ մը չէ։ իւրաքանչիւր կուսակցութիւն թող պահէ իր քաղաքական համոզումներն ու առաջադրանքները և անոնց իրագործման համար դիմէ իր կողմէ յարմար նկատուած միջոցառումներու։
Արդ, այսու կը փափաքինք ձեր ուշադրութեան յանձնել հետևեալ թելադրութիւնները համահայկական կեդրոնական մարմնի ստեղծման կապակցութեամբ։

Ա. Համազգային յարգանք ու վստահութիւն վայելող անձնաւորութեան մը նախագահութեամբ , Հ.Յ.Դ.ի, Ս.Դ.Հ.Կ.ի և Ռ.Ա.Կ.ի լիազօր ներկայացուցիչները գումարեն ժողովներու շարք մը։

Բ. Ժողովներուն նպատակը ըլլայ հանգամանօրէն քննել սփիւռքահայութեան, որպէս մէկ ամբողջութիւն և այդ ամբողջութեան բաղկացուցիչ տարրերուն, իւրաքանչիւր հայ գաղութի կեանքին հետ կապուած բոլոր հարցերը։

Գ. Թուագրուին և արձանագրուին բոլոր այն հարցերն ու աշխատանքի բնագաւառները, որոնց շուրջ կուսակցութիւններու միջև տարակարծութիւն գոյութիւն չունի։

Դ. Պատրաստուի ծրագիր մը համահայկական կեդրոնական մարմին ստեղծելու համար. ծրագիր՝ որ այս անգամ ներկայացուի աւելի մեծ ժոովի մը, որուն հրաւիրուին հայ եկեղեցւոյ, ներառեալ հայ կաթողիկէ և հայ աւետարանական համայնքներու, ազգային, կրթական, մշակութային և բարեսիրական կշիռ ունեցող կազմակերպութիւններու, հիմնարկութիւններու, հաստատութիւններու և միութիւններու ներկայացուցիչները։

Ե. Յիշեալ խառն ժողովին պարտականութիւնը ըլլայ՝

ա. Մամուլի միջոցով հայ ժողովուրդին ներկայացնել համահայկական կեդրոնական մարմնի ստեղծման համար մինչ այդ կատարուած աշխատանքը։
բ. Ստանձնել համագաղութային համագումար մը կազմակերպելու աշխատանքը։
Համագաղութային համագումարի մը իրականացումը խիստ կարևոր է. համագումար՝ որմէ պէտք է ծնի համահայկական կեդրոնական մարմինը և որուն պէտք է մասնակցին մեր մեծ ու փոքր գաղութներու բոլոր ներկայացուցիչները։
Համագումարին պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ՝
ա. Պատրաստել համահայկական կեդրոնական մարմինին ծրագիր-կանոնագիրը։
բ. Պատրաստել գործունէութեան տասնամեայ ծրագիր։
գ. Ընտրել Վարչական կազմ։
դ. Լիազօրել պատկամաւորները, որպէզի իրեց գաղութներուն մէջ հիմնեն մասնաճիւղեր։

Բնական է նման ծաւալուն աշխատանք կատարելու կոչուած կազմակերպութիւն մը պէտք ունի նիւթական լայն միջոցներու։ Ուստի, թելադրելի է որ համահայկական կեդրոնական մարմնին աշխատանքը առաջին հնգամեակին կեդրոնանայ հիմնադրամ մը ստեղծելու վրայ։
Մենք համոզուած ենք որ հայ ժողովուրդի միասնական կամքէն ծնած համահայկական կեդրոնական մարմինը հանգանակութեամբ և զանազան հասութաբեր ձեռնարկներով մեծ ու փոքր բոլոր գաղութներու մէջ , կը յաջողի գոյացնել պատկառելի ֆոնտ մը։
Արդ, եզրակացնելով մեր նամակը , կ'ուզենք անգամ մը ևս շեշտել որ Համահայկական կեդրոնական մարմնի մը ստեղծումը մեծագոյն անհրաժեշտութիւնն է այսօր սփիւռքի մէջ. անհրաժեշտութիւն՝ որուն կրնայ և պէտք է մարմին տայ սփիւռքահայութիւնը։
Վստահ ենք որ մեր առաջարկը պիտի արժանանայ ձեր անմիջական ու լուրջ ուշադրութեան։

Խորին յարգանքներով,

Գ։ Ալթունեան
Ե. Կիւլպէքեան
Ա. Կիւզելեան
Ս. Յովհաննէսով։»

Ցաւով կը հաստատենք որ ազգային երեք կուսակցութիւններուն ղրկած մեր նամակը, որուն մէջ ներփակուած էր նաև Թ. Թովմասեանի նամակին պատճենը, մնաց անպատասխան։ Հետագայ չորս ամիսներուն երկու յիշեցում ևս յղեցինք իրենց, միաժամանակ փոխանցելով ժողովներու առնչութեամբ Թ. Թովմասեանի ըրած առաջարկը։ Դժբախտաբար մեր յիշեցումները ևս մնացին անպատասխան...։ Կ'ակնկալէինք որ անոնք գոնէ քաղաքավարութիւնը կ'ունենային հաստատելու մեր նամակներուն ստացումը...։
Թող ներուի մեզի, եթէ կուսակցութիւններուն անտարբեր կեցուածքն ու անընդունելի վերաբերմունքը բնութագրենք Աւետարանի հետևեալ խօսքերով.
«Ծառ ի պտղոյ իւրմէ ճանաչի» (Ծառը իր տուած պտուղով կը ճանչցուի)։
Եթէ, 1972-1975 տարիներուն ազգային երեք կուսակցութիւններու նախաձեռնութեամբ և սփիւռքահայութեան միացեալ կամքով ստեղծուած ըլլար կեդրոնական մարմին մը, այսօր հայ ժողովուրդը կ'ունար պատկառելի հիմնադրամով համազգային կազմակերպութիւն մը, որ բազմաթիւ կենսական ծրագիրներ իրագործած կ'ըլլար թէ' սփիւռքի, թէ' հայրենիքի մէջ։ Չմոռնանք որ աշխարհի մէջ հզօրագոյն ոյժը դրամն է, որով կարելի գնել «քաղաքական բարեկամներ» և պատերազմի պարագային ՝ ապահովել յաղթանակ...։
«Զի ունիցի աանջս լսելոյ՝ լուիցէ» (Ան որ ականջ ունի լսելու՝ թող լսէ)։

***
Հետագայ տարիներուն ես շարունակեցի մունետիկի իմ աշխատանքս։
1974-1976 տարիներուն հրատարակեցի «Լոնտոն» ամսաթերթը, որու անդրանիկ խմբագրականին մէջ (1974թ. Մարտ) ըսուած է. «Լոնտոն» կուսակցութեան մը կամ կազմակերպութեան մը թերթը չէ, ոչ ալ հարկատու է որևէ հատուածի։
«Լոնտոն» կը հաւատայ հայ ժողովուրդի միասնականութեան և գերագոյն շահերուն, որոնց միշտ ալ հարկատու պիտի ըլլայ։ Մեզի համար հայ ժողովուրդը կը կազմէ մէկ ամբողջութիւն, մէկ մարմին, որուն սիրտը կը գործէ առողջ այն ատեն միայն, երբ ամենէն աննշան բջիջներէն մինչև կարևորագոյն օրկանները աշխատին ներդաշնակ...։
Լոնտոն կը հաւատայ որ հայ ժողովուրդի ոյժը, հայութեան միասնականութիւնը, կախուած է գաղթօճախներուն իրար՝ իսկ հայրենիքը գաղթօճախներուն կապող կամուրջներու ամրութենէն։ ...։
«Լոնտոն կը հաւատայ որ հայ մամուլին վերապահուած է կարևոր դեր մը այդ կամուրջներու ստեղծման ու ամրապնդման մէջ։
«Լոնտոն» ահա այդ հաւատքին ծնունդն է։»

*****
Սովետական Միութեան փուլուզումով, իրաւիճակը լրիւ փոխուեցաւ 30 տարի առաջ, երբ Հայաստան դարձաւ անկախ պետութիւն, որուն հետևանքով՝ սփիւռքահայութիւնը երկու հակադիր ճակատներու բաժնող «սովետական» բառը՝ «հանգստեան կոչուեցաւ...։»
Բայց, հակառակ այդ իրողութեան, թէ' սփիւռքի, թէ' հայրենիքի մէջ մենք շարունակեցինք մտածել ու գործել որպէս դաշնակցական, հնչակեան, ռամկավար, կամ Հայաստանի մէջ ամէն ամիս սունկի պէս աճող կուսակցութիւններէն մէկն ու մէկուն անդամը, փոխանակ մտածելու ու գործելու որպէս պետականութիւն ունեցող ժողովուրդի զաւակ, որպէս Հայաստանի քաղաքացի...։

***

«Բանակի Օրուան» առիթով վերջերս առիթ ունեցայ կարդալու ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգիսեանի իմաստուն, իրատես ու հեռատես պատգամը, որմէ մէջբերուած հետևեալ հատուածը համահունչ է այս յօդուածի ոգիին. «Անհրաժեշտ են ծրագրային ու հայեցակարգային մօտեցումներ, արմատական քայլեր` վերակազմաւորումից մինչեւ վերազինում, հաշուի առնելով ժամանակակից ռազմարուեստի ու արհեստագիտական զարգացման, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական միտումները»։
Նախագահն իր պատգամին մէջ կը թելադրէ նաև՝
Խիզախութիւն ունենալ ընդունելու կատարուած սխալներն ու պատրաստ ըլլալ հիմնարար փոփոխութիւններու,
Ունենալ ծրագիր եւ զայն իրականացնելու կամք,
Դադրիլ արտաքին թշնամին թողած` թշնամի փնտռել իրարու մէջ,
Ըլլալ համերաշխ ու համախմբուած որպէս պետութիւն եւ հասարակութիւն, որպէս մէկ ազգ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ։
Ժամանակն է որ սրբագրենք՝ յատկապէս հայ ժողովուրդի գոյատեւման և Հայաստանի անվտանգութեան հետ կապուած անցեալի մեր սխալները։ Այդ ընելու համար, անհրաժեշտ է ունենալ պետական և համազգային մակարդակով, իրար ներդաշնակօրէն կամրջուած երկու հզօր կառոյցներ, որոնք ծրագրուած, խոհեմ ու նպատակասլաց աշխատանքով կը կարողանան հետագային, մեր այսօրուան պարտութեան գերեզմանին վրայ կառուցել՝ մեր վաղուան յաղթանակի յուշարձանը...։
Կարևորը ճիշտ ճամբայ ընտրելն է։ Շահան Շահնուրի խօսքով՝ «Ամբողջ ուժովդ վազէ դէպի նպատակդ, բայց նախ ստուգէ՝ որ նպատակդ վազած ճամբուդ վրան է»։
Յօդուածս սկսայ և պիտի աւարտեմ Եղիշէ Չարենցի «ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՔՈ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՅԺԻ ՄԷՋ Է» հանրածանօթ նոյն պատգամով, որ դժբախտաբար, Աւետարանի «Անպտուղ Թզենի»ին պէս ցարդ մնացած է...ԱՆՊՏՈՒՂ ։

Ասատուր Կիւզելեան
Լոնտոն, Փետրուար 2021

Комментариев нет:

Отправить комментарий