Աշխարհի վրայ փաստուած իրողութիւն մըն է, որ առածները, որ անցեալէն հասած են մեզի, միշտ ալ իրենց մէջ կը կրեն իրականութիւն մը: Այլ խօսքով անոնք գրուելու եւ կամ ըսելու սիրոյն գրուած խօսքեր չեն, այլ անյայտներու կողմէ մեզի փոխանցուած փիլիսոփայութիւններ են: Այդ հրաշալի փիլիսոփայական ճշմարտութիւն ընդգրկող ճշմարտութիւններէն մէկն է այն առածը որ կ'ըսէ. «Մարդ միայն կորսնցնելէ ետք կրնայ իր կորսնցուցածին արժէքը գիտնալ»:
Հաւանաբար այդ է պատճառը, որ սովետական ժամանակաշրջանին, երբ կորսնցուցած էինք մեր հայրենիքը ունեցանք այնպիսի հրաշալի բանաստեղծներ, որոնք կրցան ժողովուրդին մէջ ներշնչել հայրենասիրութիւնն ու ազգային հայ ոգին, որոնց փաստը մինչեւ օրս որպէս մեծ բանաստեղծներ յիշուելնին է, ինչ որ է պարագան Պ.Սեւակի, Չարենցի, Շիրազի եւ ուրիշներու:
Մարդկային կեանքի մէջ ամէն պարագայի համար եղած է այդպէս. մարդիկ գրած են սիրոյ մասին՝ երբ կորսնցուցած են իրենց սէրը, գրած են հարազատներու մասին՝ անոնց կորուստէն ետք միայն: Պ. Սեւակ եւս իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կը յիշէ նման գաղափար մը, ըսելով. «Մթութեան երանգներն առատ են աւելի»:
Նոյն այդ կորսնցնելու եւ զօրաւոր կարօտի զգացումն է, որ մղած է մեր գրողները գովերգելու եւ տարածելու հայրենիքի ու հայութեան հանդէպ սէրն ու նուիրումը: Անոնք գրած են այն ատեն, երբ արգիլուած էր հայրենասիրութիւն եւ ազգայնութիւն քարոզել, ու այսպիսով շատ անգամ իրենց կեանքը վտանգելով հրաբուխի պէս ժայթքած են միմիայն հայութեան եւ հայրենիքի հանդէպ սէր քարոզելով:
Կարդալով անցեալի մեծերուն հայրենասիրական բանաստեղծութիւնները, կատարելով անցեալի եւ ներկայի միջեւ տարբերութիւններու փոքր քննութիւն մը, հասայ հետեւեալ գաղափարներուն:
Ա.- ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԵՐԲ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ Է ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՔԱՐՈԶԵԼ
Բոլորս ալ գիտենք, թէ մեր բանաստեղծներէն քանի՜ քանիներ իրենց հայրենասիրութեան համար դատապարտուած են բանտարկութեան: Բանաստեղծներէն քանի՜ քանի հոգիներու բանաստեղծական հատորները ենթարկուած են կրճատումներու, անոնց մէջէն փորձելով դուրս բերել հայրենասիրական տողերը: Անոնցմէ են օրինակ Ե. Չարենց, որ նոյնիսկ իր բանտարկութեան օրերուն կը շարունակէր քարոզել հայրենասիրութիւնը, շատ անգամ ծածկագրերով. այլ օրինակ մըն է Յովհաննէս Շիրազի «Հայոց Տանթէական»ը, որուն ամբողջական տպագրութիւնը մինչեւ այսօր չէ կատարուած: Եւ շատ են շարքը այն երանելիներուն, որ անտեսելով իրենց կեանքն ու շահերը, նուրիրած են իրենք զիրենք ազգին, որուն համար արժանացած են անմահութեան թափնեպսակին:
Որպէս ինքնակենսագրական գիծ Սեւակ եւս կը վկայէ այդ մասին փոխանցելով մեծերու հոգեբանական ըմբռնումը. «Միայն թէ անեն մտածածն իրենց, ի՜նչ փոյթ թէ մեռնեն ժամանակից շուտ», եւ այդ յամառ ու հաստատ ոգին է որ այսօր զիրենք հասցուցած այն բարձրունքին, որուն իրապէս արժանի են:
Պ. ՍԵՒԱԿ
Գաղտնօրէն կատարուած հայրենասիրութեան քարոզչութեան մէջ կ'ուզեմ առաջին շեշտս դնել Պարոյր Սեւակի վրայ: Պահ մը մտաբերենք անոր բանաստեղծական երկերէն մէկ երկու անուններ: «Եղիցի Լոյս», «Մարդը Ափի Մէջ» եւ այլ վերնագիրեր, որոնք պատահականօրէն եւ կամ բան մը դնելու սիրոյն ճշդուած խորագիրեր չեն:
Սեւակ եղած է բուռն պայքարողը բռնատիրութեան, հայրենասիրական ազատազրկումի եւ օտարի իշխանութեան տակ գտնուելուն: Ու գաղտնօրէն եւ ատեն-ատեն բացայայտ իր մտքերը արտայայտած է բանաստեղծութիւններուն մէջ, որոնցմէ մէկն է «Եղիցի Լոյս» արտայայտութիւնը, որ կը նշանակէ «Թող լոյս ըլլայ»:
Երբ ըսենք «թող լոյս ըլլայ» կը նշանակէ թէ արդէն կը գտնուինք մթութեան մէջ եւ խաւարէն լոյսի գալու փափաքն է որ ունինք մեր սրտերուն մէջ: Այս պարագային Սեւակ որպէս խաւար կը դիտէ իր ժամանակուայ կառավարութիւնն ու իշխանութիւնները, որովհետեւ անոնք օտարութիւն կը հոտէին, հեռու ամէն տեսակ Հայու արժանիքներէ եւ ներշնչական հոգիէ: Առանց վարանելու Սեւակ լոյսը կը փնտռէր տիրող խաւարին մէջ ու երբեք չէր վարաներ այդ մէկը խաւար կոչել, որովհետեւ ինք եւ իր նմանները կարօտը ունէին կորսուածին:
Հայրենիքի հանդէպ անսահման սէր արտայայտող տողեր գրողներէն է նաեւ Սիլվա Կապուտիկեան, որ իր հայրենասիրութեան սահմանները անցնելով կը գրէ հետեւեալ տողերը.-
«Սէր – նման է նա հայրենիքին
Հայրենիքի պէս նա միակ է միշտ,
Հայրենիքի պէս միշտ անզուգական...»
Ինչքա՜ն յանդուգն են տողերը: Բանաստեղծուհին, որ իրականութեան մէջ շատ անգամ ինծի համար իսկական տղամարդ բանաստեղծ կը թուի ըլլալ, իր հայրենասիրութեան շղթաները փշրելով իր սէրը կը նմանցնէ հայրենիքին եւ ոչ թէ հայրենիքը իր սիրոյ, ըսել ուզելով, որ հայրենիքը ա՛լ աւելի բարձր ու քաղցր է ,իր էութեամբ ու չափով մը աւելի բարձր քան իր սէրը, ինչ որ ներկայ մարդկութեան համար չանդրանցելիք սահման մըն է:
Նման բազմաթիւ օրինակներ կարելի է յիշել հայ բանաստեղծներէն:
Բ.- ՆԵՐԿԱՅ ՕՐԵՐՈՒ ՈԳԻՆ ԵՒ ՇՈՒՆՉԸ
Ներկայիս, որ Հայաստանը ունի անկախացած վիճակ ու ալ օտարի լուծին տակ չի գտնուիր, զգալի է նուազումը հայրենասիրութեան եւ ազգային շունչի քարոզչութեան: Հակառակ որ սփիւռքահայեր տակաւին կարօտովն են այն հողին, սակայն հեռաւորութիւնն ու կարօտը չունին այն ուժականութիւնը, ինչ որ գոյութիւն ունէր անցեալին: Սակայն արդար գտնուելու համար ըսենք, որ այդ հայրենասիրութեան կայծը երիտասարդութեան փոքրամանսութեան քով արդէն իսկ կամաց-կամաց սկսած է կայծկլտիլ, ոգեւորելով զիրենք ազգային եւ մշակութային արժէքներու պահպանումին ու տիրապետումին:
Ներկայիս սակայն, դժբախտաբար չափանիշերը յեղաշրջումի ենթարկուելով կրած են յսկայական փոփոխութիւններ: Միտքի խելահասութեան ու խելացիութեան չափանիշ գծուած են օտար գիրքեր. կարեւոր չէ անոր գրողն ու նիւթը, սակայն անգլերէն գիրքի մը ընթերցանութիւնը, մանաւանդ յետին նպատակներով հանրութեան մէջ կարդալը այդ մէկը դարձած է խելացիութեան չափանիշ: Շատերու համար թերեւս 40 հատոր Սեւակ, Սիլվա եւ կամ Շիրազ կարդալը ոչ մէկ արժէք ունի քան մէկ Շէյքսպիր կամ Վ. Հիւկօ կարդալը, որովհետեւ անունները, ինչպէս հագուստի, ինքնաշարժի եւ գրեթէ ամէն ինչի պարագային, նոյնպէս գրականութեան մէջ եղած են նոյնը:
Նար-Դոս թող գրէ սքանչելի սիրային նիւթ մը: Ու նոյնութեամբ նոյն նիւթը թող հրատարակուի Շէյքսպիրի անունով ու հաւատացէք մարդիկ կը սքանչանային այն գիրքին վրայ միայն որուն վրայի անունը Շէյքսպիր է: Օրինակը աւելի ընդհանրացնենք: Հայ գրող մը թող ըսէ. «Սէրը քաղցր է տղաս, սակայն ունի մեծ ցաւեր...» ու անոր թող կցէ հայկական անուն մը եւ այլ տեղ նոյն տողը գրելով թող դնէ մեծ գրողի մը անունը: Հակառակ բառացիօրէն նոյնը ըլլալնուն վստահ եղէք օտարինը ա՛լ աւելի եւս պիտի սիրուի ու տարածուի քան հայունը, որովհետեւ մտային հասունութեան ու զարգացման չափանիշերը եւս ենթարկուած են կեղծ երեւութապաշտութեան:
Յաճախ երեւակայելը անգամ ցաւալի կը դուի մտապատկերիս առջեւ, թէ արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր վիճակը... ոչ թէ հարիւր, այլ քսան տարիներ ետք:
Բոլորս ալ պահ մը կ'ոգեւորուինք տեսնելով նոր սերունդին կատարած ձեռնարկներն ու կազմակերպած հայապահպանման աշխատանքները, սակայն անդին մի քանի օրեր ետք տեսնելով այլ երիտասարդներու անտարբերութիւնը լեզուի ու գրականութեան նկատմամբ կ'ընճուինք ու կը տարուինք մտածումներով, թէ ի՞նչ վախճան պիտի ունենայ այս սարսափելի ընթացքը:
Թէեւ տարիներ առաջ Աւետիս Ահարոնեան կը գրէր. «Լեզուն ապրում է այնտեղ, ուր ստեղծուել է: Հայրենիքից դուրս նա արմատախիլ բոյս է, որ մեռնում է թառամած», սակայն այսօր այս թերթին հայերէն ու հայատառ հրատարակուիլը փաստ մըն է այն պայքարէն, որ տակաւին կայ հայ լեզուն սփիւռքի մէջ, սակայն պակասը կայ հայրենասիրութեան ու ազգային ոգիի քարոզչութեան:
Օտար գրականութիւնը ունի իր տեղը, ունի իր բարձրութիւնը, սակայն նոր սերունդը պէտք է գիտնայ որ հայերէն գրականութիւնը եւս կը մրցի եւ կը հաւասարի անոնց ու ինքնագովութիւն թող չի սեպուի երբ ըսեմ, որ նոյնիսկ շատ անգամ կը գերազանցէ զանոնք:
Փառք այն հերոսներուն, որ իրենց կեանքի գնով քարոզեցին հայրենասիրութիւն ու փոխանցեցին ազգային ոգի եւ շունչ:
Հրայր Տաղլեան
Комментариев нет:
Отправить комментарий