Ո՞վ է Կոմիտաս…
Վարդապե՞տ, երգահա՞ն, խմբավա՞ր, երգահաւա՞ք, տեսաբա՞ն, բանասէ՞ր, հանճա՞ր, նահատա՞կ…
Այդ բոլորը միաժամանակ,բայց անոնցմէ անդին ու անոնցմէ վեր բան մը, որուն մէջ է միայն իր մեծութիւնը եւ որով միայն առանձինն նո՛յնքան եւ աւելի արժէք ու անմահութիւն պիտի ըլլար անիկա:
Ի՞նչ է այդ «բան մը»ն, ԲԱՆը (լոկոս), որ Կոմիտասի հիմնական մեծութիւնն է ու յաւերժութիւնը:
Կոմիտասը կարելի է ապացուցանել չեղածներով, քան թէ եղածով ու եղածներով:
Կոմիտասը հայ երաժշտութեան(երգին) եւ հայ երաժշտութեան միջոցաւ հայ ժողովուրդին տուած է այն չեղածը, որ պակասն է մեր գրականութեան, այն չեղածը, որ պակասներն են մեր նկարչութեան եւ միւս արուեստներուն, այն չեղածը, որ պակասն է մանաւանդ հայեցի մեր ներկայ բաղադրութեան ու գիտակցութեան:
ԱՌԱՆՑ ԿՈՄԻՏԱՍԻ՝ մեր երաժշտութիւնը նման պիտի ըլլար մեր գրականութեան, մեր արուեստներուն եւ մեր հայեցիութեան ներկայ տեսակարար կշիռներուն: