26.09.2020

ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆՅԱՆ/ Կոմիտասեան Հայութիւն

Ո՞վ է Կոմիտաս…
Վարդապե՞տ, երգահա՞ն, խմբավա՞ր, երգահաւա՞ք, տեսաբա՞ն, բանասէ՞ր, հանճա՞ր, նահատա՞կ… 
Այդ բոլորը միաժամանակ,բայց անոնցմէ անդին ու անոնցմէ վեր բան մը, որուն մէջ է միայն իր մեծութիւնը եւ որով միայն առանձինն նո՛յնքան եւ աւելի արժէք ու անմահութիւն պիտի ըլլար անիկա: 
Ի՞նչ է այդ «բան մը»ն, ԲԱՆը (լոկոս), որ Կոմիտասի հիմնական մեծութիւնն է ու յաւերժութիւնը: 
Կոմիտասը կարելի է ապացուցանել չեղածներով, քան թէ եղածով ու եղածներով: 
Կոմիտասը հայ երաժշտութեան(երգին) եւ հայ երաժշտութեան միջոցաւ հայ ժողովուրդին տուած է այն չեղածը, որ պակասն է մեր գրականութեան, այն չեղածը, որ պակասներն են մեր նկարչութեան եւ միւս արուեստներուն, այն չեղածը, որ պակասն է մանաւանդ հայեցի մեր ներկայ բաղադրութեան ու գիտակցութեան: 
ԱՌԱՆՑ ԿՈՄԻՏԱՍԻ՝ մեր երաժշտութիւնը նման պիտի ըլլար մեր գրականութեան, մեր արուեստներուն եւ մեր հայեցիութեան ներկայ տեսակարար կշիռներուն: 
Ուրիշ կերպ ըսելով՝ մեր ներկայ գրականութեանց, մեր ներկայ արուեստներուն եւ մեր հաեցի գիտակցութեան մէջ կը պակսի Կոմիտասեան արարքը, միւռոնը: Անոնք՝ գրականութիւն, արուեստներ, հայեցիութիւն, դժբախտաբար չունեցան իրենց Կոմիտասները: 
Կոմիտասը միայն երգ չէ, միայն հայ երգի արարիչ ու ձեւաւորիչ չէ, այլ մեր ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆՆ է: 
Կոմիտասը մեր ինքնութեան դրոշմն է, էոյթն է, թթխմորն է, որով կը կերապարանաւորուի եւ կ’իմաստաւորուի հայ ժողովուրդի ամբողջականութեան նկարագիրը: 
Կոմիատասը Կոմիտասէն տարբեր բան է: 
Կոմիտասով, կոմիտասեա՛ն ինքնութեամբ շնչաւորուեացաւ ու բազմապատկուեցաւ մեր երգը. Կոմիտասեան ինքնութեամբ միայն պիտի շնչաւորուին ու բազմապատկուին նաեւ մեր գրականութիւնը, մեր արուեստները եւ ի՛նքը մեր ժողովուրդը: 
Ինչպես կոմիտասեան երգը զոտորոշիչ, ինքնադրոշմ ու յաւերժական է, կոմիտասեան հայեցիութեամբ միայն Հայութիւնը կրնայ անցնիլ Քսաներորդ դարու Կարմիր ծովէն, որուն ալիքները կը սպառնան կուլ տալ բոլոր փոքր ազգերը – բոլո՜ր «փոքր ածու»ները – մերինին պէս… 
Կոմիտաս Մովսէսի գաւազանն է Կարմիր ու Սեւ ծովերը ճեղքելու: 
Կոմիտաս միայն երգ չէ, որ «քէլէ՜ր, ցոլէ՜ր»… 
Կոմիտաս պատգամ է ԿՈՄԻՏԱՍԵԱՆ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ ԸԼԼԱԼՈՒ, կոմիտասեան զտումով, կոմիտասեան ինքնութեամբ: 
Ս.Ս.



Աղբյուրը՝ «Սփիւռք», 1969թ., թիվ 43-45:Բացառիկ թիւ՝ նվիրված Կոմիտասի 100-ամեակին: 

Комментариев нет:

Отправить комментарий