Չեմ կարծեր որ երբեք պատմութեան ընթացքին եղած է նման դար մը, ուր միատեղ գոյութիւն ունեցած են չորս տարբեր սերունդներու մտածողութիւն, որոնք տակաւին չեն կրցած իրար միջեւ հասարակաց գիծ մը գտնել ու համակերպիլ միմեանց, մինչ անդին ժամանակը կը շարունակէ իր վազքը, առանց կարեւորութիւն տալու այդ տարբերութիւններուն:
Անոնցմէ առաջին այն սերունդն է, որ երթալով կը նուազի երկրի երեսեն: Անոնք այն անձերն են՝ որոնք ծնած են ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր ոչ հեռատեսիլը կար, ոչ համակարգիչը եւ ոչ ալ արդիական միջոցներ եւ այդպիսիներուն համար տակաւին անյստակ կը մնայ թէ ինչպէ՞ս պարզ թելի մը մէջէն գրութիւններ, նկարներ ու ձայներ կրնան երկրէ երկիր ղրկուիլ եւ փոխադարձաբար խօսիլ այդ սարքին միջոցաւ:
Երկրորդ սերունդը անոնք են, որոնք իրենց 40-60 տարեկաններուն մէջ սկսան սորվիլ ու իւրացնել կամաց-կամաց արդիական սարքերը, ինչպէս համակարգիչ, հեռատեսիլ եւ այլն: Այդպիսիները առաջիններուն աւելի արդիականացած մէկ տարբերակն են, այն իմաստով որ հակառակ իրենք եւս անտեղեակ ըլլալնուն թէ թելի մէջէն այնքան բան ինչպէ՞ս կրնար փոխանցուիլ, սակայն կը փորձեն համոզուած ձեւացնել եւ կամ առանց իսկ միջոցները մտածելու օգտուիլ անոր բարիքներէն, հարց չէ թէ թելի կամ այլ բանի մը միջոցաւ կատարուած է փոխանցումը: