07.09.2019

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ / Մտքի ազատութեան մունետիկները

Համացանցը այնպիսի բեմահարթակ մըն է, որ մարդ ծածկելով իր իսկութիւնն ու ճշմարիտ էութիւնը, կրնայ վերածուիլ այնպիսի իրականութեան՝ որուն ամբողջութեամբ հակառակ ճշմարտութիւնը կը պարզէ: Ու գիտութեան զարգացումը, դժբախտաբար մեր մէջ յառաջացուց «մտքի ազատութիւն» անունով կատակերգութիւն մը, որովհետեւ այդ մէկը դուրս գալով իր ճշմարիտ նպատակէն վերածուեցաւ անզսպութեան ու սանձարձակութեան: 
Արշակ Ալպօյաճեանի եւ Ղ. Սալըրեանի խմբագրութեամբ Գահիրէի մէջ 1936-ին ծնունդ կ'առներ «Ազատ Միտք» անունով քաղաքական, գրական եւ տնտեսական շաբաթաթերթ մը, որուն Ա. թիւի խմբագրականին մէջ կ'ըսուէր հետեւեալը. «Ազատ մտքի շուրջ բոլորուող մտաւորականները եւ անոնց բարեկամներն ու քաջալերողները, համոզուած ըլլալով հանդերձ թէ դիւրին չէ քանդել նախապաշարումները եւ վերականգնել ազատ մտածութեան ու անկախ դատողութեան խորանը, պիտի նուիրեն իրենց ջանքերը այն սուրբ գաղափարին համար, վասնզի խորապէս համոզուած են թէ ազատ միտքով հայը շատ աւելի լաւ գիտէ ծառայել իր ազգին եւ իր հայրենիքին, քան այն մտքի ստրուկը որ ուրիշին մտածութեան մէջ կը կաղապարէ իրը՝ իր ինքնութիւնը եւ գործելու ազատութիւնը կորսնցնելու աստիճան...» («Ազատ Միտք», Ա. Տարի թիւ 1, Շաբաթ, 15 Օգոստոս 1936): Սքանչելի արտայայտութիւն, որ կ'ուզէ փշրել շղթաներն ու կաղապարուած մտածողութիւնները եւ ստեղծել խօսքի եւ մտքի ազատութեան ատեան: Սակայն տարբերութիւնը մեծ է այն ժամանակաշրջանի երազային մտքի ազատութեան, ու ներկայի ստեղծուած «ազատ մտքի» քաոսային վիճակին:
Այսպէս.- 
1936 թուականին այդ երազներով ապրող մարդիկը ունէին այն մտածումը, որ ստեղծեն այնպիսի մտքի ազատութիւն ուր մարդ կարենայ ազատօրէն արտայայտել իր հաւասառակշրուած ու տրամաբանական մտածումներն ու արտայայտութիւնները: Մտքի ազատութիւն ո՛չ թէ մարդիկը ցեխոտելու եւ կամ այս կամ այն կազմակերպութիւնը վարկաբեկելու, այլ որոշ դրուածքներու դէմ ԲՈՒԺԻՉ ու ՕԳՏԱԿԱՐ դիրքորոշումներ ունենալու: Վերոյիշեալ խմբագրականին մէջ կը կարդանք «աւելի առողջ ազգին ծառայելու» արտայայտութիւնը: Այս լոյսին տակ պահ մը մտածենք, թէ այս օրերուն «գլուխը առած գացած մտքի ազատութեան մարտիկները» իրենց գրիչներն ու մտքերը այդ առողջ ծառայութեա՞ն կը վերապահեն, թէ վարկաբեկութեան, անուանարկութեան ու չարախօսութեան անունը դրած են «Մտքի Ազատ»ութիւն: 
Եւ այսպէս մտքի ազատութեան շուքին տակ սքօղուած, կրնան գրի առնել ամէն տեսակի ձաբռտուք ու ստաբանութիւն, միշտ անոնց դիմաց պահակ դնելով «Մտքի Ազատութիւն» անձեռնմխելի պաշտպան-դատաւորը: 
Այս յօդուածիս դրդապատճառ ու շարժառիթը եղաւ հետեւեալը. առաւօտ NewsPress-ի վրայ, յօդուածի մը մէջ կարդացի հետեւեալը. «Նշենք, որ ըստ եկեղեցական կանոնադրության՝ որբն իրավունք չունի վարդապետ դառնալու, և այստեղ ևս հայր Պարետ Երեցյանը խախտել է եկեղեցական կանոնադրությունը, քանի որ նա որբ է եղել»: Շարժառիթը ոչ Հայր Պարէտն է, ոչ ալ անոր կատարած «խախտումը», այլ հետեւեալները.- 
Ա.- Քանի՞ ընթերցող, որոնք ուսումնասիրած չեն Հայ Եկեղեցւոյ Կանոնագրութիւններն ու օրէնքները հաւատացին այն ճշմարտութեան, որ որբ մը կարելի չէ վարդապետ օծել եւ կամ եկեղեցական պաշտօնի կոչել: 
Բ.- Նման «ազատ մտքի» արտայայտութիւն մը ի՞նչ նպաստ ունեցաւ Հայ ազգի յառաջընթացին եւ կամ զարգացման մէջ: Նման արտայայտութիւն մը Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող քանի՞ որբերու փորը կշտացուց եւ կամ գէթ մազաչափ մը նպաստ ունեցաւ...: 
Նման արտայայտութիւն մը գրելու ժամանակ երբեք Կոմիտաս Վրդ.ը չմտաբերեց յարգելի հեղինակը... Կոմիտաս Վրդ.ի կենսագրութիւնը ներկայացնող յօդուածի մը մէջ կը կարդանք. «Անուրախ ու զրկանքներով լի էր Կոմիտասի մանկությունը։ Նա կորցրեց մորը, երբ չկար նույնիսկ մեկ տարեկան։ Հոր զբաղվածության պատճառով երեխայի խնամքն իր վրա վերցրեց տատը։ Յոթ տարեկանում Կոմիտասն ընդունվեց տեղի չորսդասյան դպրոցը, որն ավարտելուց հետո հայրը նրան ուղարկեց Բրուսա՝ ուսումը շարունակելու։ Վերջինս Կոմիտասին չհաջողվեց, եւ չորս ամիս անց նա տուն դարձավ բոլորովին որբացած. վախճանվել էր հայրը, իսկ Սողոմոնն ընդամենը 11 տարեկան էր...». ու եթէ ուսումնասիրենք պիտի տեսնենք թէ քանի՜ եկեղեցականներ, կաթողիկոսներ եղած են որբ: 
Նոյն նիւթի վերաբերեալ Մելիք Թանգեան «Հայոց Եկեղեցական Իրաւունքը» աշխատասիրութեան 1199 յօդուածին մէջ կը գրէ. «Հայոց վանքերում բացի որոշ թուով վանականներից, ունկնդրողներից կամ կոյսերից, կարող են վանքերում սնունդ եւ հանգիստ վայելել զառամեալ եւ անօգնական սրբազնագործ եւ սպասաւորող հոգեւորականներ, մասնաւորապէս որբերը, որոնք պիտիկրթուեն եկեղեցու սպասաւորութեան համար» 
Այսպէս, «Ազատ Միտք»ը մերկացնելով իր ճշմարիտ իմաստէն ու նպատակէն, չարաչար կը գործածենք մեր աւելորդաբանութիւնները հրապարակելու եւ մենք զմեզ հանրութեան ցոյց տալու համար: Ու հարիւրաւոր սուտ «ճշմարտութիւն»ներ օրական դրութեամբ մուտք կը գործեն մեր ուղեղէն ներս, որոնց գլխաւոր մեղաւորը դարձեալ «մտքի ազատ»ութիւնը կը հանդիսանայ: 
«Մտքի Ազատ»ութիւն կոչուած այդ խղճալին մարդոց իրաւունք տուաւ քննադատելու եւ ցեխոտելու ամէ՛ն բան. համեստ հողագործը եղաւ վարչապետին խելք տուող, ամենամեծ անբարոյական անձնաւորութիւնները սկսան բարոյականութեան քարոզիչներ դառնալ, ամէն մարդ եղաւ դատաւոր, քաղաքական գործիչ, երաժշտաբան, քննադատ ու քիչ մը ամէ՛ն բան: Ու այնքան դիւրին է «մտքի ազատ»ութիւնը գործածել, որ երկու տողով այսօր կրնամ Սերժ Սարգիսեանի յառաջապահ պաշտպան դառնալ, եւ երկու տողով ըլլալ Սերժը ատող հակառակորդ մը: 
Ու այս քաոսային վիճակին պատճառով, օրական դրութեամբ հազարաւոր ուղեղներ կը լեցուին սին ու անիմաստ տեղեկութիւններով, ո՛չ հայութեան եւ ո՛չ ազգին օգտակար հանդիսացող անմիտ հրատարակութիւններով: 
Եւ գիտէ՞ք... իր գրածներուն ու արտայայտութիւններուն վրայ վստահութիւն չունեցող մարդն է որ «Մտքի Ազատ»ութիւնը ձեռքին բռնած կը գալէ՝ պաշտպանուելու համար ամէն տեսակի քննադատութիւններէ, որովհետեւ այդպիսիներ կը սիրեն քննադատել, սակայն կ'ատեն քննադատուիլ: 
Երանի անոր, որուն գրիչն ու միտքը ազատ է՝ առանց «մտքի ազատ»ութեան դատաւորին: 

Հ. ՏԱՂԼԵԱՆ 









Комментариев нет:

Отправить комментарий