Յարգան՛ք քեզ, հայ ժողովուրդ - ո՛չ այն յարգանքը, որ ուղղւած է քու նահատակութեանդ՝ Հայ Վշտի Երգիչին՝ Ա.Ահարոնեանի բառերով՝ <<Նահատակ ժողովուրդ>>, - այլ յարգա՛նք՝ քու զոյգ ձեռքերուն ափերուն:
Դուն քու մէկ ափովդ ապտակ կը զարնես, երկու ափերովդ՝ ծափ:
Ապտակ զարնես մէկ ափովդ, թէ ծափ՝ երկու ափերով յարգա՛նք քեզ, հայ ժողովուրդ, ես քու ծափդ ու ապտակդ կ'ընդունիմ նո՛յն սիրով, հաւասար չափով:
Ես քու զաւակդ եմ հարազատ՝ ինծի ապտակ զարնես թէ ծափ, վասնզի ափսո՜ս, շա՜տ ափսո՜ս, նոյնն են քու ծափդ ու ապտակդ:
Երեսուն տարի, մինչեւ երէկ, ինծի ապտակ զարկիր մէկ ափովդ, երբ ես Ղարաբաղ ու Նախիջեւան պահանջեցի, Արեւմտեան Հայաստան, Վան ու Մուշ պահանջեցի, իսկ հիմա երկու ափերովդ ծափ կը զարկես երբ ես զանոնք չեմ պահանջեր, եւ կ'աղօթեմ առ Տէր, որ առ այժմ եղածը պահէ:
Ապտակէդ, ես վրջեցի իմ հօրս ձիուն պէս, իսկ հիմա կուց-կուց արիւն կու լամ, երբ ծափ կը զարնես ինծի, այնքա՜ն ուժգին ու բուռն:
Ծափդ ու ապտակդ երանի՜ թէ տարբեր, շա՛տ տարբեր ըլլային:
Բայց դարձեալ, միշտ ու յաւիտեանս յաւիտենից, յարգա՛նք քեզ, հայ ժողովուրդ:
Комментариев нет:
Отправить комментарий