27.04.2014

ՎԱԶԳԵՆ ՇՈՒՇԱՆՅԱՆ / Ո՞վ է մտավորականը

Չկայ պատուի տիտղոս մը, որ հայ կեանքը աւելի դիւրութեամբ նետէր առաջին հանդիպողին ուսերուն, քան թէ մտաւորականի այս ցնցոտին: Հայ եկեղեցիին քահանաներն անգամ քառսունքը աւարտելէ  յետոյ միայն իրաւունք ունին իրենց հնամենի փիլոնը կրելու: Մինչդեռ հասարակ նախակրթարան մը աւարտողն իսկ` քիչ մը չ’ամչնար անգամ, եթէ զինքը մտաւորական յորջորջեն:
Որո՞նք են իրապէս մտաւորականութեան գլխաւոր, զատորոշող յատկանիշները: Ուսումն ու զարգացումը, հմտութիւնն ու մշակութային միւս տարրերը, տաղանդն ու բնական ձիրքերը, գիտութիւնն ու փորձառութիւնը, ընթերցումներն ու ասոնց ընկերացող մասնայատկութիւնները կը բաւե՞ն միթէ որեւէ անհատի մտաւորական բարձր տիտղոսը տալու համար: Անտարակոյս ոչ:
Մարդ կրնայ, առանձին, պատմութեան վերաբերեալ հսկայ գրականութիւն լափել: Տարիներ հակիլ պատմական աշխատութիւններու վրայ ու այդ ընթերցումներէն դուրս գալ պարկեշտ ընթերցողի պզտիկ վկայականով մը միայն: Ինչ որ ճիշդ է պատմութեան համար` ճիշդ է նաեւ մարդկային մտքի բոլոր միւս կալուածներուն առնչութեամբ: Ո՛չ բնական գիտութիւններու յամառ ընթերցողը, ո՛չ ալ փիլիսոփայութեան յարատեւ սիրողը, ո՛չ արուեստներու, գրականութեան ու մատենագրութեան սիրահարը եւ ո՛չ ալ զարգացած ու մտքով հետաքրքիր բժիշկը, ո՛չ բանասիրական մատեաններու վրայ տարիներ աչքի լոյս սպառողը, ո՛չ ալ բազմաթիւ երկիրներու քաղաքական ու տնտեսական աշխարհագրութիւնը գոց գիտցողը անպայման կերպով մտաւորականութեան մաս կը կազմէ:
Մտաւորականը նկարագրի ու անհատականութեան տէր է, երբ ընդունակ է կարեւորութիւն չտալու շուրջէն բարձրացող ամէն հայհուչի: Ընտրելէ յետոյ իր ճամբան, որ իրը չէ` այլ այն հաւաքականութեան, որուն ծոցէն ինք բարձրացած է եւ որուն հետ կը նոյնանայ,- երբ ընդունակ է առաջանալու անտեղիտալի վճռականութեամբ մը, այդ նոյն հաւաքականութեան հետ, դիմելու համար դէպի կեանք բարձրագոյն ու աւելի բարձր ձեւերու:
Քաղաքացիական քաջութիւն, ինքնավստահութիւն, հաստատակամութիւն, անշահախնդրութիւն, արհամարհանք դէպի դիւրին ու աժան հաճոյքները ու գրեթե միշտ ձերբազատում` դրամին ահարկու իշխանութենէն,- ահա նկարագրի կարգ մը գծեր, որ մտաւորականին կ’ընծայեն բացառիկ կարկառ մը: Նախաձեռնութեան ոգի, ձեռներէցութիւն, յստակատեսութիւն, զոհողութեան ոգի` որ երբեմն կը հասնի մինչեւ ինքնուրացման ու հրաժարման կեանք սովորական ուրախութիւններէն, յանդգնութիւն ու նաեւ ճկունութիւն ամէն անգամ, որ կեանքը կը պարտադրե ժամանակաւոր նահանջներ, կամք յառաջ խիզախելու ու նաեւ պատրաստակամութիւն` նահանջելու, երբ հոգ է փրկութիւնն ու հետեւաբար քաջութիւնը,- ահա բարոյական յատկանիշներ, որ պատիւ կրնան բերել մտավորականի մը:
Եթէ բազմութիւները միշտ իրավունք ունենային, որքան դիւրին պիտի ըլլար մտավորականին դերը: Եթէ բազմութիւնները միշտ զգային յառաջիկայ քաղաքակրթական արժէքները,- ուր պիտի ըլլար մեծութիւնը ստեղծագործ գրագէտին: Ամբոխներու ճակատէն միշտ քալած են արի ու խիզախ մարդիկ, մեծ բանաստեղծներ ու ժողովրդի մեծ զաւակներ, նույնանալով այդ նոյն ամբոխին հետ, այլեւ լուսավորելով զայն: Ու ինչպէս որ զետերը կը կազմուին թել առ թել, առու առ ոռու եւ վտակ առ վտակ` այնպէս ալ այդ բազմութիւնները: Ուրկէ, երբեմն, մտաւորականին սահմոկեցուցիչ միայնութիւնը` իր ներքին տիեզերքին դիմաց: Ուրկէ նաեւ անհրաժեշտութեան մը ու նկարագրի գծեր` որոնց չափանիշը միշտ կը մեկնի տուեալ հավաքականութեան քաղաքակրթութեան գերազանց շահերէն:
Ու վերջապէս այս հինգ ընդհանուր յատկանիշերէն վեր, այս հինգ ընդհանուր յատկանիշներուն կից,- կայ վեցերորդ մը, որ կը զատորոշէ որեւէ ազգի մը մտաւորականները` ուրիշ ազգի մը մտաւորականներէն: Ատիկա պատկանելիութիւնն է տուեալ ազգի մը: Որքան բազմաթիւ են այն մարդիկը, որոնց համար ազգութիւնը արկած մըն է յաճախ: Կրնային սահմանին այս կամ այն կողմը ծնած ըլլալ ու ոչինչ պիտի փոխուէր իրենց էութենէն: Փոխարէնը մարդիկ կան ու մանաւանդ մտաւորականներ, որ տուեալ պատմական շրջաններու, կը յաջողին ծածուկ թուող հրաշքով մը, անձնավորել իրենց ազգը, առանց հատուածական ատելութեան, բնական գեղեցկութեամբ մը բիւրեղացնելով իրենց դէմքին վրայ ինչ որ ազգը ունի` ինքնեկ կերպով հարազատ, արարչօրէն նշանակալից, ստեղծագործօրէն տարբեր ու միաժամանակ մնայուն կերպով մարդկային:
Այդ մտաւորականները` կերպով մը, պատմութեան ու ժամանակին մէջ յարաշարժ, այլ իր ընթացքին մէջ մէկ ու եզակի ազգի մը ներքին եղելութեան արտաքին ճառագայթումներն են: Այս երեւույթը կարելի է միայն` երբ մտաւորականը ոչ միայն իր անցեալով, իր հոգեկան ու զգացական աշխարհով, այլեւ իր մարդկային բարձրագոյն էութեամբ, այսինքն իր ստեղծագործական նուաճումներով, առանց արուեստական ճիգի, կը յաջողի` զինքը ծնող ազգին գերազանց շահերուն ու հարազատ էութեան առանցքին մէջ մնալ, առանց զայն հակադրելու մարդկային հաւաքականութեան: Այս յաղթանակը կ’ենթադրէ ծայրագոյն համեստութեան մը հետ` որով մտաւորականը իր յետին մազարմատներով կը խրի իր ժողովրդին թաքուն հարստութեանց ենթահողին մէջ, քաղցր ու անկորնչելի հաւատարմութիւն մը` դէպի անոնք, որ իսկական կեանքը կը կերտեն ժողովրդին, անոնք` որ անոր թռչուններուն լեզուն գիտեն, անոնք` որ երկրին հողին համը կը զգան, անոնք, որ գիտեն թէ որ հովը որ կողմէն կ’ելլէ,- գիւղացիներն ու բանուորները:
Ազգի մը պատականելիութիւնը անունի ու մկրտութեան խնդիր չէ միշտ: Որքան յաճախ կը հանդիպենք մարդոց, մանաւանդ գաղութներու մէջ, որ իսպառ պարպուած են ոչ միայն ազգային, այլեւ մարդկային ամէն բովանդակութենէ: Որքան յաճախ կը հանդիպենք մտաւորական կոչուած պարոններու, որ մտաւորական չըլլալէ զատ` մարդ ալ չեն ու հայ ալ չեն:
Ու հոս է որ, այս դոյզն աշխատանքին վերջաւորութեան, կասկած մը կը սպրդի հոգւոյս խորը:Այս վեց պայմաններէն յետոյ ու այս բոլորէն վեր,- նախապայման մը չկայ արդյօք: Ի յառաջագունէ ու ըստ էութեան` անկարելիութիւն մը չէ միթէ գռեհիկ եսասիրութեան ու աղտեղի անձնասիութեան վրայ յենած յետադիմութեամբ տոգորուն անհատի մը համար` ձըգտիլ մտաւորականի բարձր տիտղոսին: Խորունկ առընչութիւն մը չկայ միթէ մտաւորականութեան ու յեղափոխութեան միջեւ: Ու ամբողջ խնդիրը տարբեր ձեւակերպում մը պիտի չստանար միթէ, եթէ այս լոյսին տակ քննէինք զայն:
Հավաքենք սակայն մեր մտքերը` յանգելու համար հետեւյալ սահմանումին, հապճեպ ու անկատար անշուշտ, ինչպէս բոլոր տարազները, քանի որ կեանքը կը խնդայ մեր բոլոր սահմանումներուն վրայ:
Մտաւորականութեան սահմաններուն կրնայ մօտենալ այն անհատը միայն որ,-
ա) Օժտուած է բարձր իմացական յատկութիւններով, որ ստեղծագործ իմացականութեան նշոյլ մը ունի իր ճակտին ետեւ:
բ) Որ անընդհատ ու անընդմիջաբար, մնայուն ճիգով մը, կը գործածէ իր իմացականութիւնն ու տաղանդը յանգելու, համար մշակութային ու քաղաքակըրթական բարձր աստիճանի մը, իւրացնելով ինչ որ ստեղծուած է իրմէն առաջ:
գ) Որ անշահախնդիր կրքով մը` իր իմացականութիւնն ու տաղանդը, իր մտքի պաշարն ու իր անձը` ի սպաս կը դնէ մարդկային կեանքը շահագրգռող որեւէ գործունէութեան մը:
դ) Որ մարդկային մնայուն շահերուն համապատասխանող կեանքի ընդհանուր ուղղութիւն մը ունի, որ կը յառաջանա որոշ գծէ մը` հաւատարիմ մնալով ոչ միայն իր էութեան, այլեւ պատշաճեցնելով զայն այն գաղափարական ընտանիքին գահերուն, որուն դրօշին տակ կը կռուի:
ե) Որ նկարագիր ունի, ընդունակ է իր անձնական պզտիկ շահերը վտանգի տակ դնել` պաշտպանելու համար իր գաղափարները, որ կրողն է որոշ անհատականութեան մը:
զ) Որ իր էութեան էն նուրբ թելերով կը պատկանի ազգային հաւաքականութեան մը ու կ’արտայայտէ զայն, անոր մարդկային լինելութեամբ:

Ահա այն դասախօսութիւնը, որ պիտի ուզէի կարդալ, եթէ դասախօս ըլլայի` որեւէ հայ երկրորդական վարժարանի աշակերտներուն:

Комментариев нет:

Отправить комментарий