24.04.2014

ԵՐՎԱՆԴ ՕՏՅԱՆ / Ազգային նոր տոնը


Հազար հինգ հարիւր տարիներէ ի վեր հայ ազգը իբրեւ ազգային կրօնական մեծ յիշատակ մը հանդիսաւորապէս կը տօնէ Վարդանանց նահատակութիւնը: Անիկա մեզի համար երկու վեհ իտէալներ կը ներկայացնէ. ազգային անկախութեան իտէալը եւ խղճի ազատութեան իտէալը: Վարդանանք ինկան Աւարայրի դաշտին մէջ, քրիստոտէութիւնը եւ ազատութիւնը պահպանելու համար: Արդարեւ մինչեւ հիմա ազգային մեծագոյն տօնը պէտք էր համարել զայն: Բայց հիմա՞, երբ մէկ ու կէս միլիոն Հայեր յանուն այդ քրիստոնէութեան, յանուն այդ ազգային ազատութեան մեռան ո՛չ թէ Աւարայրի մը դաշտին վրայ կամ Տղմուտի մը եզերքը, այլ բովանդակ Հայաստանի, Սուրիոյ ու Միջագետքի դաշտերը, անապատները, լեռներն ու ձորերը իրենց դիակներով ծածկեցին, երբ բոլոր գետերը՝ Եփրատէն ու Տիգրիսէն սկսեալ մինչեւ Ալիս, իրենց դիակներով լեցուցին, մի՞թէ այլեւս չնսեմանար Վարդանանցը: 
Չե՞ն նսեմանար Եղիշէի «Տիկնայք փափկասունք»ը այն հարիւր հազարաւոր կիներուն ու կոյսերուն, փոքրիկ աղջիկներուն ու մանչերուն քով, զորս վայրագ հրէշութիւնը ամբողջ երեք տարի ճղակտոր ըրաւ տանջանքի, չարչարանքի, ստորնացումի ու ապականութեան ամենէն ճիւաղային միջոցներով: Ու հիմա, որ ազատութեան արեւը վերջապէս ծագեցաւ մեր արիւնազանգ հայրենիքին վրայ, արդեօք նուիրական պարտականութիւն մը չէ հաստատել, Վարդանանցի տեղ, ազգային-կրօնական մեծ տօնը ի յիշատակ մեր նոր ու գերագոյն մարտիրոսութեան: Ասոր համար ամբողջ Հայութիւնը պէտք է իր կամքը պարտադրէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ հանդիսաւոր արարողութեամբ մը այս Մեծ Տօնը հռչակուի աշխարհի ամէն կողմերը գտնուող հայերուն: Ու այսպէս ամեն տարի բոլոր եկեղեցիները, բոլոր դպրոցները, բոլոր ազգային հաստատութիւնները հայկական մեծ նահատակութեան յիշատակը կատարեն, անէծքի անաթեմաներ կարդալով Վիլհեմներու, Ֆրանց Եոզեֆներու, Էնվէրներու, Թալէաթներու եւ Ճեմալներու ու բոլոր այն մարդակերպ հրէշներու գլխուն, որոնք Մեծ Եղեռնը գործեցին ու իրենց ձեռքերը Հայուն անմեղ արիւնովը ներկեցին: Թո՛ղ այդ օրը բոլոր քարոզիչները, բոլոր ճառախօսները, բոլոր ուսուցիչները եւ բոլոր թերթերը վերյիշատակեն ահռելի ոճիրը եւ անոր հեղինակները անարգութեան սիւնին քամեն: Թո՛ղ ամբողջ հայութիւնը այդ օրը սուգ առնէ ու լայ իր նահատակները: Ու այսպէս ամէն տարի, Հայը թո՛ղ յիշէ իր գոյութեան տրուած այս մեծագոյն հարուածը, ու միեւնոյն ժամանակ վառ պահէ այն սրբազան հուրը, որով ան ապրեցաւ դարերու ընթացքին, որովհետեւ ազգ մը իր յիշատակներով ու իր աւանդութիւններով կապրի, ըլլան անոնք դիւցազնութիւններու յիշատակներ կամ տառապանքներու եւ մարտիրոսութեան յիշատակներ: Հրեաները հազարաւոր տարիներէ ի վեր իրենց սուգերուն` Եգիպտոսի չարչարանքներուն, Բաբելոնի գերութեան, Երուսաղէմի տաճարին կործանման դժբախտութիւններուն մէջ գտած են իրենց կենսականութեան ուժը, ինչպէս քրիստոնէութիւնը զօրացած է նախկին դարերու նահատակներուն արիւնովը:
Հայ ազգն ալ ահա՛ թող այս ահռելի ու սարսափելի կոտորածին մէջ գտնէ իր ապագայ կենսականութիւնը եւ ապրելու զօրութիւնը:

ՈՂՋՈ՜ՅՆ ՁԵԶ...
Ողջո՜յն քեզ հայ ժողովուրդ,- մեղա՜յ, ողջո՜յն ձեզ հայութեան մնացորդներ,- հեռուէն, շատ հեռուներէն կուգամ:
Տէր Զօրէն կուգամ, որուն կամուրջէն երեք հարիւր հազար հայեր անցան եւ որոնցմէ այսօր մի միայն հազար հինգ հարիւր կիներ ու որբ տղաք ողջ մնացին:
Կուգամ Օսմանիէէն, ուրկէ տեղատարափ անձրեւով մը վաթսուն հազար հայեր խարազանի հարուածներու տակ քշուեցան լեռնէ լեռ:
Կուգամ Բուզանդիէն դէպի Թարսուս տանող աղէտալի ճամբայէն, ուր նորածին հայ մանկիկները եղեւնիներու ներքեւ իրենց մայրերէն լքուած, մեր աչքերուն առջեւ շագալներու եւ շուներու կեր կ՛ըլլային:
Կուգամ Հալէպէն Տէր Զօր երկարող այն անիծեալ անապատներէն, ուր տասնեակ հազարաւորներով հայեր, երեք տարի վրաններու տակ, կոտորուեցան տենդէն, թիֆուսէն ու թանջքէն:
Կուգամ Սէպիլի վրաններէն, ուր անօթի ծնողքներ իրենց զաւակները աճուրդի հանեցին եւ ուր տասը տարեկան աղջիկներ վաթսուն փարայի վաճառուեցան:
Կուգամ Սուրիայէն, ուր հարիւր հազարէ աւելի հայեր, բնաջինջ ըլլալու սպառնալիքին տակ, իրենց Աստուածը ուրացան:
Կուգամ Համայէն ու Հոմսէն, Մէսքէնէէն, Համմամէն, Միատինէն, Էլպուսերայէն, Սուլթանէէին ու Գօնիայէն, ուր երեսուն-քառասուն հազար հայ որբուկներ մայրի՛կ, մայրի՛կ կը ճւան դեռ, թուրք բնակարաններու խաֆէսներու ետեւէն:
Կուգամ Եղեռնի այն դժոխային վայրերէն, ուր Զօհրապներ, Ակնունիներ, Խաժակներ, Զարդարեաններ, Սիամանթօներ, Վարուժաններ, Սեւակներ, Տաղաւարեաններ,- ամբողջ ազգի մը ուղեղը՝ ջարդ ուր փշուր եղաւ, Լէնկթիմուրնեու եւ Ճէնկիզխաներու արժանաւոր յաջորդներուն ձեռքով:
Ողջո՛յն ձեզ, հայութեան խլեակներ:
ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ, 1918, Նոյեմբեր, «Ժամանակ» օրաթերթ



Комментариев нет:

Отправить комментарий