23.01.2016

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ / Սերունդներուն միջեւ խարխաբելով

Չեմ կարծեր որ երբեք պատմութեան ընթացքին եղած է նման դար մը, ուր միատեղ գոյութիւն ունեցած են չորս տարբեր սերունդներու մտածողութիւն, որոնք տակաւին չեն կրցած իրար միջեւ հասարակաց գիծ մը գտնել ու համակերպիլ միմեանց, մինչ անդին ժամանակը կը շարունակէ իր վազքը, առանց կարեւորութիւն տալու այդ տարբերութիւններուն:
Անոնցմէ առաջին այն սերունդն է, որ երթալով կը նուազի երկրի երեսեն: Անոնք այն անձերն են՝ որոնք ծնած են ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր ոչ հեռատեսիլը կար, ոչ համակարգիչը եւ ոչ ալ արդիական միջոցներ եւ այդպիսիներուն համար տակաւին անյստակ կը մնայ թէ ինչպէ՞ս պարզ թելի մը մէջէն գրութիւններ, նկարներ ու ձայներ կրնան երկրէ երկիր ղրկուիլ եւ փոխադարձաբար խօսիլ այդ սարքին միջոցաւ: 
Երկրորդ սերունդը անոնք են, որոնք իրենց 40-60 տարեկաններուն մէջ սկսան սորվիլ ու իւրացնել կամաց-կամաց արդիական սարքերը, ինչպէս համակարգիչ, հեռատեսիլ եւ այլն: Այդպիսիները առաջիններուն աւելի արդիականացած մէկ տարբերակն են, այն իմաստով որ հակառակ իրենք եւս անտեղեակ ըլլալնուն թէ թելի մէջէն այնքան բան ինչպէ՞ս կրնար փոխանցուիլ, սակայն կը փորձեն համոզուած ձեւացնել եւ կամ առանց իսկ միջոցները մտածելու օգտուիլ անոր բարիքներէն, հարց չէ թէ թելի կամ այլ բանի մը միջոցաւ կատարուած է փոխանցումը: 
Երրորդ սերունդը հաւանաբար այն սերունդն է, որուն մաս կը կազմեմ նաեւ ես: Անոնց ծնունդի ժամանակ հեռատեսիլը գոյութիւն ունէր, սակայն համակարգիչը գրեթէ գոյութիւն չունէր անոնց կեանքին մէջ: Հաւանաբար անոնց 3րդ, 4րդ դասարանին միայն գծելու փոքր ծրագիրով մը ծանօթացած են, այդ մէկը գործածելով շատ հազուագիւտ: Սակայն ժամանակի ընթացքին հմտացան անոր մէջ եւ սկսան մրցանիշ արձանագրել անոր մէջ ունեցած իրենց գիտութեան ճամբով: Սակայն խրախուսելին այն երեւոյթն է, որ անոնց մանկական խաղերը չեղան համակարգիչն ու բջիջայինը, այլ «աչքփուկ»ը եւ նման «հին» եւ 4րդ սերունդին համար գրեթէ զզուեցուցիչ թուող խաղերով: 
Չորրորդ սերունդը յետագայ մարդկութեան սարսափ ու վախ պատճառող իրողութիւնն է: Անոնք իրենց ծնած օրէն իսկ տեղեկացան համակարգիչի եւ արդիական բոլոր տեսակի նորութիւններու, զանոնք դարձնելու իրենց մանկական խաղալիքները: Անոնք հաւանաբար երբեք չի գիտցան եւ գուցէ չի գիտնան ալ թէ ինչ է «հինգ քար», «բարձր քայլ», «դաշկինակ մը ձգել» եւ նման բազմաթիւ խաղեր: 
Հետեւաբար նման 4 իրար հակասող սերունդներու մէջ ինչպիսի՞ միատեղութեան ու հասարակաց գիծի մը ստեղծման մտապատկերը կրնայ ստանալ մարդ: Անցեալին եւս վստահաբար այդ սերունդներու մտածելակերպի փոփոխութիւնները կատարուած են, սակայն վստահաբար այդ մէկը պատահած է հանգրուանային ընթացքով եւ ոչ այնքան արագ ինչ որ է պարագան այսօր: Առաջինէն չորրորդ սեդունդին միջեւ կատարուած փոփոխութիւնը մեծ հաւանականութեամբ անցեալին կատարուէր հազիւ մէկ սերունդներու միջեւ, սակայն ժամանակները այնպէս եղան, որ արագ ու մեծ քայլերով փոխուեցան մտածողութիւնները, սերունդներու միջեւ ստեղծելով անդունդային տարբերութիւններ: 
Անցեալին իւրաքանչիւր սերունդ յաջորդ սերունդին փոխանցում մը կը կատարէր եւ այդպիսով կրթութեան ճամբով կարելի կ'ըլլար կապ հաստատել սեդունդներուն միջեւ, սակայն այսօր հասած ենք այնպիսի տեղ, որ առաջին եւ վերջին սերունդներուն միջեւ գրեթէ հասարակաց ոչ մէկ իրողութիւն գոյութիւն ունի. անոնք լոկ իրար կապուած են ազգականական եւ պատկանելիութեան կապերով, իսկ մտային ու կենցակային ամէն պարագայ տարբեր են իրարմէ: 
Առաջին սերունդը որքան ալ հանդիսատես փորձ մնալ նման իրողութեան, միւս երեք սերունդներուն միջեւ պայքարը միշտ ալ կը շարունակուի, կենցաղային ու մտածելակերպի շատ մը եզրեր իրար պարտադրել փորձելով: Քաոսային ներկայ իրավիճակին պատճառը մեծ հաւանականութեամբ այդ ստեղծուած մեծ տարբերութիւններն են, որ պատասխանատու ղեկավարները անհասկնալի կը դառնան երիտասարդներուն եւ հասարակաց եզրի մը խարխաբումին մէջ կը արդէն իսկ կը ստեղծուի սարսափազդու ներկայ վիճակը: 
Ինչպէս որ ամէն իրողութիւններու պարագային միշտ ալ երկութիւնը խնդիրներ եւ հարցեր կը յառաջացնէ, ալ ուր մնաց նոյն միջավայրին մէջ ստեղծուած չորսութիւնը եւ պետութիւններու ու ազգերու դժբախտութիւնը այն է, որ առանց նկատի առնելու 4 սերունդներու մտածելակերպերը երկրին մէջ կը ստեղծուի միայն մէկ ապրելակերպի դրութիւն եւ այդ հիման վրայ կ'առնուին օրէնքներ, որոնք կամ ամենամեծերը պիտի զայրացնեն եւ կամ ամենափոքրերը, որոնք ըմբոստոթեան դրօշ պիտի պարզեն ամէն պարագայի: 
Ամէն տեղ, պետութիւններու, եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ կազմակերպութիւններու մէջ նոյն այդ քայլ պահելու պայքարն է որ կը տարուի, սակայն կարգ մը հաստատութիւններու՝ ինչպէս օրինակ եկեղեցին կը մնան ետեւ, որովհետեւ աշխարհը տարօրինակ արագ քայլեր կը նետէ մինչ միւս հաստատութիւնները ատակ չեն այնքան արագութեամբ քայլերու ձեռնարկելու: 
Նման հարցի մը լուծման համար մեր մօտ, մանաւանդ Միջին արեւելքի մէջ կը պակսին հոգեբաններու թիւը, ինչ որ մեր մտածողութեան մէջ կը նշանակէ հիւանդութիւն եւ խենթութիւն: Հոգեբաններ միշտ ալ իրենց մասնագիտութեամբ կրնան կապ մը ստեղծել իւրաքանչիւր տարիքի հետ հասարակաց գիծ մը ստեղծելով լուծումներու եւ ելքերու դիմելու համար, սակայն Միջին արեւլքի մէջ ապրողին համար հոգեբանին դիմելը ամօթի համազօր իրողութիւն մըն է: 
Սերունդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող դժուարութիւն մը որոշ ժամանակ ետք կը սկսի ի յայտ գալ նաեւ դպրոցներու դասաւանդման մեթոտներուն մէջ: Բիւր յարգանք մեր բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, որոնք իրենց ծառայութիւնը ի գործ կը դնեն նոր սերունդներու դաստիարակման սրբազան գործին մէջ, սակայն կայ իրողութիւն մը, որ տակաւին կան դպրոցներ, որոնց ուսուցիչներուն տարիքը անցած է 60-70ը, սակայն կը շարունակեն դասաւանդել: Այդ մէկը պատճառ կը դառնայ որ շատ անգամ անհամաձայնութիւններ ու կռիւներ ստեղծուին աշակերտին եւ ուսուցիչին միջեւ, որովհետեւ այդ ուսուցիչը հաւանաբար շատ սքանչելի մտային կարողութիւն ունեցող մը ըլլայ, սակայն ներկայի 15-16 տարեկան աշակերտին կարելի չէ դասաւանդել այնպէս՝ ինչ որ էր պարագան 40-50 տարիներ առաջ, որովհետեւ, ինչպէս ըսինք անոնց միջեւ հսկայական տարբերութիւններ գոյութիւն ունին: Հաւանաբար այդ մէկն է պատճառը, որ ամէն տեղ վերաորակաւորման աշխատանքներ կը տարուին ուսուցիչին գիտելիքին կողքին աւելցնելու նաեւ ժամանակակից պահանջքներն ու կենցաղակերպերը եւ հիմա նոր է որ կամաց-կամաց սկսած են Միջին արեւելքի մէջ ուսուցիչի մը մէջ փնտռել հոգեբանութեան եւ կամ մանկավարժութեան գիտութիւնը աւելի առողջ պաշտօնավարութեան մը որպէս երաշխիք: 
Գիտութիւնը իր ամեն նորութիւններով բարիք է մարդկութեան ու աշխարհին, սակայն բարիքը դժբախտաբար շատ անգամ կը վերածուի վնասի, որովհետեւ այնտեղ երբեք նկատի չառնուիր ժամանակն ու միջավայրը: Մարդիկ անյապաղ նորանոր գիւտերու, նոր նուաճումներու ետեւ են, ինչ որ մեծ նպաստ է մարդկութեան ու աշխարհին, սակայն անոնց ներկայացման ձեւը, միջավայրն ու ժամանակը շատ անգամ պատճառ կ'ըլլայ որ ստեղծուած բարիքը ակամայ վերածուի չարիքի: Սակայն անոր կողքին վստահաբար կան այդ մէկը լաւապէս մտածողներն ու գիտակցողները, որոնք բազմաթիւ նորանոր գիւտեր ու սարքեր պահուած կը պահեն մարդկութեան գործածութենէն կանխագուշակելով անոր բերելիք վնասները մարդկութեան ընկերային ու հաւաքական կեանքին, որովհետեւ արդի միջոցները դժբախտաբար մարդը կղզիացնելու ուղղութեամբ միայն կը գործեն: 
Կը յիշեմ վաստակաշատ ուսուցիչներէս մէկուն խօսքը, որ իր խօսքը համացանցին ուղղելով կ'ըսէր. «քովը մարդ նստած է, սակայն ինք գործիքին մէջ ինկած մարդ կը փնտռէ՝ որ իր հետ խօսի...», ինչ որ ներկայիս առաւել կամ նուազ չափով բոլորս կը կատարենք: 
Անցեալին եթէ մարդկութեան մէջ սերունդներու փոփոխութիւնը կը կատարուէր կէս դար եւ կամ 20-30 տարի անգամ մը, այդ մէկը ներկայիս կը պատահի 6էն 8 տարին անգամ մը հսկայական անորոշութիւն ստեղծելով ուսումի, գիտութեան, հոգեբանական, ընկերային եւ հաւաքական միջավայրերու մէջ: 
Յառաջընթացի գործողութիւնը երբեք ալ վերջ պիտի չունենայ եւ կարելի պիտի չըլլայ անոր վազքը կասեցնել որեւէ մէկ տեսակի յեղափոխութեամբ, ան միշտ պիտի շարունակէ առաջ երթալ, միշտ ալ մարդկային միտքը կասկածի մատնելով, թէ «յառաջդիմութիւն» է կատարուածը թէ ոչ «յետ քայլ»: Այդ պատճառով է որ կամաց-կամաց արածներու շարքին անցած է այն խօսքը որ կ'ըսէ. «Մարդկութիւնը որքան առջեւ երթայ, այնքան յետքայլի մէջ է» եւ կամ «որքան բնակչութեան թիւը աւելնայ, մարդկութիւնը այնքան կը նուազի»: Վստահաբար աչքերնիս քոց գիտենք, թէ այս խօսքերը կը պատկանի կա՛մ չորրորդ եւ կամ երրորդ դասակարգի մարդոց: 
Թէ յառաջիկայ սերունդները ինչպիսի աղէտներ եւ կամ յառաջադիմութիւններ պիտի բերեն աշխարհին, այդ մէկը կը մնայ անյստակ, սակայն նման ընթացքով միշտ ալ յեղափոխութիւններ ու ըմբոստութիւններ անպակաս պիտի ըլլան: 
Երանի անոր, որ մարդկութեան սերունդին կը պատկանի, կարենալով հաւասարակշռել ամէ՛ն բան: 

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ



Комментариев нет:

Отправить комментарий