Համացանցը այնպիսի բեմահարթակ մըն է, որ մարդ ծածկելով իր իսկութիւնն ու ճշմարիտ էութիւնը, կրնայ վերածուիլ այնպիսի իրականութեան՝ որուն ամբողջութեամբ հակառակ ճշմարտութիւնը կը պարզէ: Ու գիտութեան զարգացումը, դժբախտաբար մեր մէջ յառաջացուց «մտքի ազատութիւն» անունով կատակերգութիւն մը, որովհետեւ այդ մէկը դուրս գալով իր ճշմարիտ նպատակէն վերածուեցաւ անզսպութեան ու սանձարձակութեան:
Արշակ Ալպօյաճեանի եւ Ղ. Սալըրեանի խմբագրութեամբ Գահիրէի մէջ 1936-ին ծնունդ կ'առներ «Ազատ Միտք» անունով քաղաքական, գրական եւ տնտեսական շաբաթաթերթ մը, որուն Ա. թիւի խմբագրականին մէջ կ'ըսուէր հետեւեալը. «Ազատ մտքի շուրջ բոլորուող մտաւորականները եւ անոնց բարեկամներն ու քաջալերողները, համոզուած ըլլալով հանդերձ թէ դիւրին չէ քանդել նախապաշարումները եւ վերականգնել ազատ մտածութեան ու անկախ դատողութեան խորանը, պիտի նուիրեն իրենց ջանքերը այն սուրբ գաղափարին համար, վասնզի խորապէս համոզուած են թէ ազատ միտքով հայը շատ աւելի լաւ գիտէ ծառայել իր ազգին եւ իր հայրենիքին, քան այն մտքի ստրուկը որ ուրիշին մտածութեան մէջ կը կաղապարէ իրը՝ իր ինքնութիւնը եւ գործելու ազատութիւնը կորսնցնելու աստիճան...» («Ազատ Միտք», Ա. Տարի թիւ 1, Շաբաթ, 15 Օգոստոս 1936): Սքանչելի արտայայտութիւն, որ կ'ուզէ փշրել շղթաներն ու կաղապարուած մտածողութիւնները եւ ստեղծել խօսքի եւ մտքի ազատութեան ատեան: Սակայն տարբերութիւնը մեծ է այն ժամանակաշրջանի երազային մտքի ազատութեան, ու ներկայի ստեղծուած «ազատ մտքի» քաոսային վիճակին: