ԲԱԺԻՆՆԵՐ

11.08.2015

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ / Ձեռքերուդ Դալար Կայէն

Հաւանաբար այս յօդուածս կրօնական դիտանկիւնէ հակասական ու ժխտական տպաւորութիւն ձգէ` մանաւանդ հոգեւորական ընթերցողներու մօտ, սակայն վստահ եմ թէ մարդկային դիտանկիւնէ նայուած այդ մէկը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ:
Աստուածաշնչական ընթերցումներու լոյսին տակ վստահաբար կարդացողները Աստուածաշունչի առաջին գլուխներէն կարդացած են Աստուծոյ այն խօսքը որ կ'ըսէ. <<Զի հող էիր եւ ի հող դարձցիս>>(որովհետեւ հող էիր եւ հող պիտի դառնաս): Երբ Կայէնի ձեռքով Աբէլ սպաննուեցաւ, Աստուած տուաւ այդ պատիժը: Այլ խօսքով այդ դրուագով, ուր Աստուած մարդուն համար սահմանեց մահը եւ յաւիտենական ապրելու շնորհը փոխարինւեցաւ դարձեալ հող դառնալու դառն, սակայն իսկութեան մէջ քաղցր իրողութեան հետ:
Աստուածաշունչին կողմէ մարդուն որպէս պատիժ տրուած <<հող էիր հող դառնաս>> մահանալու <<դառնաճաշակ>> կարծուած պարագան, իրականութեան մէջ մարդկութեան տրուած մեծագոյն նուէրներէն մէկն է: Նուէր, որ համազօր է մարդուն տրուած ապրելու շնորհքին:
Երբեք երեւակայա՞ծ էք եթէ Կայէն մարդկութեան նուիրուած այդ մեծ բարիքը կատարած չըլլար, ի՞նչ պիտի ըլլար ներկայ վիճակը մերvn  աշխարհին այժմու դրութեամբ...: Շատ անգամ անոր մտածումն ու երեւակայութիւնը անգամ կրնայ ահ ու սարսափ ազդել մարդկային միտքին: Պահ մը փորձենք պատկերացնել որ միատեղ կ'ապրին Ճենկիզ Խան, Լենկ Թիմուր, Շահ Ապպաս, Թալաթ Փաշա, Էնվեր Փաշա, Հիթլեր, Ստալին, Սատտամ...: Վստահաբար տակաւին կան վերոյիշեալ անուններէն աւելի վայրագ անձնաւորութիւններ, որոնք պատմութեան մէջ չեն յիշուած եւ կամ անոնց ժամանակ ոչ պատմութիւն գոյութիւն ունէր եւ ոչ գիր-գրականութիւն:
Այսօր երբ այդպիսիներ կ'ապրին 50-60 կամ առաւելագոյնը նկատենք 100 տարեկան ու աշխարհը որքան ահռելի քաոսային իրավիճակի մը մէջ է, եթէ այդպիսիներուն տրուէր յաւերժական կեանք մը... ապրիլ ոչ թէ հազար կամ երկու հազար տարի` այլ անվախճան` ի՞նչ կրնար ըլլալ մարդկութեան իրավիճակը...: Ու կը կարծեմ որ պատիժ մը միակն է աշխարհի մէջ, որուն համար կարելի է երախտապարտ ըլլալ ու շնորհակալութիւն յայտնել, թէեւ պատիժ անուան տակ տրուած ըլլայ այդ քաղցր նուէրը:
Մահուան գովերգութիւնը վստահաբար տրուած է հոռետես անձերուն. երբեք նպատակս մահուան գովքը հիւսելը չէ. այդ մէկը կը ձգեմ Շոպենհաուըրի եւ Նար-Դոսի, որ գովերգեն մահը: Բայց եւ այնպէս իրողութիւն է, որ աշխարհի վրայ տիրող ներկայի բոլոր ցաւերուն եւ վէրքերուն ամէն բնագաւառներէն ներս մահն է, մանաւանդ վերոյիշեալ ոճրագործներու գործունէութեանց վերջ դնելու պարագային:
Իւրաքանչիւր ցաւի դարմանը, եթէ մանաւանդ այդ մէկը անբուժելի ու անդարմանելի իրողութիւն մըն է, վերջաւորութեան միտքի մէկ անկիւնը անոր վախճանի յստակ գաղափարականը ունի. այսօր երբ մեր շրջապատէն ներս գոյութիւն ունի Տաէշը, անոր զինուորներն ու բոլոր անդամները, սկսեալ անյայտ հիմնադիրներէն պիտի ունենան իրենց վախճանը: Վստահաբար պիտի ծնին անոնց յաջորդները եւ յառաջիկային ինչպիսի՞ Լենկ Թիմուրներ կամ Թալաթներ կրնան ծնունդ առնել այդ մէկը ամբողջութեամբ անծանօթ է մեզի, սակայն միակ յստակ բանը որ գիտենք եւ մեզ սիրտի գոհունակութիւն կրնայ պատճառել անոնց առաւելագոյնը դար մը տեւող կեանքը պիտի ըլլայ: Նշուած անունները 6-7 հատ են, սակայն այսօր բանտերը լեցուած աւելի քան տասնեակ հազարներ սատտամներով եւ ստալիններով, որոնք եթէ ազատազրկման չենթարկուէին կրնային նոյնիսկ գերազանցել պատմութեան մէջ որպէս ամէնէն անմարդկային որակուած ոճրագործները:
Իմ կարծիքով երբեք պէտք չէ մեղադրել Կայէնը, որովհետեւ ան իր կեանքի տեւողութեան սպաննեց միայն մէկ հոգի` իր եղբայրը, սակայն այսօր գոյութիւն ունին այնպիսիներ որոնք ոչ միայն իրենց եղբայրը, այլեւ հայրն ու մայրը ներառեալ կրնան սպաննել, անոնց կողքին սպաննելով նաեւ հարիւրներ եւ հազարներ, որոնց քով Կայէնի կատարածը կը նմանի ովկեանի մը մէջ կաթիլ մը ջուրի:
Արդեօ՞ք եթէ Կայէն չի կատարեր այդ մէկը Հիթլեր, Ստալին, Թալաթ Փաշա բոլորն ալ սրբակենցաղ անձնաւորութիւննե՞ր պիտի ըլլային: Ինչպէս որ բանաստեղծ մը իր մօր որովայնին մէջ իսկ բանաստեղծ է, որովհետեւ այդ մէկը իր հետ կը ծնի, նոյնպէս ալ հրէշը ամէն պարագայի հրէշ է...: Մէկ անձի մահւան համար սահմանել համամարդկային պատիժ. ուրեմն որքա՞ն կրկնապատիկը պէտք է տրուի Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն զոհերուն համար: Եթէ մէկ հոգիի մահուան համար մարդէն առնուեցաւ իր յաւիտենականութեան շնորհը, մէկ ու կէս միլիոնի համար արժանի չէ՞ր արդեօք մարդկութիւնը ամբողջութեամբ ոչնչացնել: Եթէ Կայէնի կատարածը եղբայրասպանութիւն է, հապա ի՞նչ կարելի է որակել Սուրիոյ մէջ կատարուած ներքին պատերազմները, որոնց զոհ կ'երթան ոչ թէ մէկ, այլ հարիւր հազարաւոր անմեղ հոգիներ:
Նման աշխարհի մը մէջ յաւիտենական ապրիլը կրնա՞ք երեւակայել ինչպիսի բան մը պիտի ըլլար: Մահուան մխիթարութիւնն է ներկայիս, որ խաղաղութեան յոյս մը կը ներշնչէ, այն անմեղ մտածումով ու յոյսով, որ եթէ մարդասպանները չսպաննուին, ուշ կամ կանուխ պիտի մեռնին առանց փախուստ տալու մահէն:
Կարդացած բոլոր գիրքերուս ու գրութիւններուս մէջ ամէնէն գրաւիչը կեանքի եւ մահուան մասին՝ Մ. Իշխանի <<Տառապանք>> գիրքի <<Տապանագիր>> բանաստեղծութիւնն է, որ իրապէս արժանի է կախուելու ամէն գերեզմանոցներու դրան մուտքերուն: Բանաստեղծութեան իւրաքանչիւր տուն կ'աւարտի նոյն հանգերգով` <<Հող Է հիմա>>ով: Բանաստեղծութիւն, որուն մէջ մեծանուն բանաստեղծը կը գրէ, թէ ինք վայելած է կեանքի բոլոր քաղցրութիւններն ու դառնութիւնները, վայելած է սէրը, տեսած հարստութիւններ, խօսքը ուղղելով նոր սերունդներուն, թէ ես ձեզմէ առաջ այդ բոլորը տեսայ ու վայելեցի, սակայն այդ բոլորը<<ՙհող է հիմա>>:
Չեմ գիտեր որքանով խելացի արարք մըն է պատիժի մը համար շնորհակալ ըլլալ, սակայն ես շնորհակալ եմ նախ Աստուծոյ` <<Հող էիր հող դառնաս>> պատիժին համար, իսկ երկրորդ Կայէնին` պատիժի պատճառ ըլլալու համար, որովհետեւ աւելի նախընտրելի է վերստին դառնալ հող, քան ապրիլ հանրութեան մը մէջ, ուր յաւիտենապէս գոյութիւն պիտի ունենան Թալաթը, Լենկ Թիմուրը, Շահ Ապպասը, Էնվեր Փաշան, Հիթլերը, Ստալինը, Սատտամն ու անոնց նմանները...:
Ձեռքերուդ դալար Կայէ՛ն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բեյրութ-Լիբանան



Комментариев нет:

Отправить комментарий